2011-12-16 13:44:17

«ԳԱՐԵԳԻՆ ՆԺԴԵՀԻ Գործունէութիւնը Սփիւռքի Մէջ » Նիւթով Գիտաժողովը Երեւանի Մէջ։


Մէջ։
15 դեկտեմբերին Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի նախագահութեան նիստերու սրահին մէջ սկսաւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան, Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի, Երեւանի պետական համալսարանի եւ «Նորավանք» գիտակրթական հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «Գարեգին Նժդեհի գործունէութիւնը սփիւռքի մէջ» նիւթով գիտաժողովը` նուիրուած մեծ զօրավար եւ գաղափարախօս Գարեգին Նժդեհի 125-ամեակին:
Բացման խօսքը արտասանեց Երեւանի պետական համալսարանի նախագահ Արամ Սիմոնեան: Գիտաժողովի մասնակիցներուն ողջոյնի խօսքեր ուղղեցին Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալ Էդուարդ Շարմազանով եւ Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեան:
Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի ողջոյնի խօսքը ընթերցեց Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրտուս Զաքարեան:
Ներկայացուեցան նաեւ դրուագներ Գարեգին Նժդեհի սփիւռքեան գործունէութենէն, ինչպէս նաեւ Գարեգին Նժդեհի դիտարկումները Հայաստանի ապագայի, ազգային ինքնութեան պահպանման հիմնահարցի, տնտեսագիտութեան եւ հայութեան տնտեսական կեանքի կազմակերպման վերաբերեալ:








All the contents on this site are copyrighted ©.