Վատիկանի ՝՝Մարիամ Մայր Ընտանիքի՝՝ անուան Եկեղեցիին մէջ, Վատիկանի Պետութեան Կառավարիչ
Արքեպիսկոպոս Ճուզեբբէ Պերթելլոյի նախագահութեամբ տեղի կ՛ունենայ Սուրբ Պատարագ՝ Հրշէջներու
պաշտպան Սուրբեր՝ Սրբուհի Պարպարայի եւ Մեծն Սուրբ Լեւոնի` տօնին առթիւ։ Արարողութիւնը
տեղի կ՛ունենայ Վատիկանի հրշէջներու Մարմնի հիմարկութեան 70րդ տարեդարձի առթիւ։ Վատիկանի
հրշէջներու Մարմինը հիմնուած է 1941ին Պիոս ԺԲ.Քահանայապետի օրով։
Միջ-կրօնական
երկխօսութեան Քահանայապետական Խորհուրդի նախագահ Կարտինալ Ժան Լուի Թոռանը Սպանական Եկեղեցական
գիտութեան կեդրոնի մէջ կը դասախօսէ <<Ասսիզի 1986 - 2011>> նիւթին մասին։ Իսկ Քրիտոնեաներու
Միութեան Քահանայապետկան Խորհուրդի Նախագահ Կարտինալ Գուրթ Գոխը ՝՝Pro Unione՝՝ կեդրոնի
մէջ դասախօսութիւն մը կու տայ <<Քրիտոնեաներու Միութեան Քահանայապետական Խորհուրդը։ Էքումենիզմի
զարգացումները եւ մարտահրաւէրները>> նիւթին մասին։