2011-12-15 13:30:10

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայպետի Գործունէութիւնը։


Հինգշաբթի 15 դեկտեմբեր, առաւօտեան ժամը 11-ին Վատիկանի ՝՝Գլեմենթինա՝՝ Սրահին մէջ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութւին շնորհեց տարբեր երկիրներու Սուրբ Աթոռի մօտ նոր անունաուած դեսպաններուն, հաւատարմագրերու ներկայացումի առիթով։
Ժամը 11.30 Նորին Սրբութիւնը ընդունեց Բերուի Առաքելական Նուիրակ Գերապայծառ Ժէյմս Բադրիք Կրինը, որմէ ետք Սրբազան Հայրը ունկննդրութիւն շնորհեց ֆրանսայի Եպիսկոպոսաց Համահաւաք Դասի նախագահ Կարտինալ Անտրէ Վէնդրուայի, նոյն Դասի փոխ նախագահներ Գերապայածառ Լորան Ուրլիխի եւ Գերապայծառ Հիբոլիդ Սիմոնի, ու Ընդհանուր քարտուղար Գերապայծառ Անթուան Հէրուրատի։
Ժամը 12-ին Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Եւրոպայի Հասարակապետութեան Յանաձնախումբի՝ Սուրբ Աթոռի մօտ Պատուիրակութեան Պետ Տիար Իվ Կազզօ,որ եկած էր կատարելու իր հրաժեշտի այցելութիւնը։

Իսկ յետ միջօրէին ժամը 17.30ին, Վատիկանի Սուրբ Պետրոս Տաճարին մէջ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը կը գլխաւորէ երեկոյան Ժամասացութիւնը , որուն կը մասնակցին Հռոմի Համալսարանական կազմը եւ Ուսանողները ։Այս հանդիպումը կազմակերպուած է Հռոմի համալսարանական հովութեան Գրասենեակի կողմէ եւ ունի որպէս նիւթ <<Տէր ես քու դէմքդ կը փնտռեմ>> (Սաղմոս 27.8). Աստուծոյ Հարցը այսօր>>։ Հանդիպումը Հռոմի համալսարանական հովութեան Գրասենեակի հիմնարկութեան 20 ամեակի տօնակատարութիւններուն գագաթնակէտը կը հանդիսանայ։ Նշենք որ սոյն Գրասենեակը հիմնուած է երջանկայիշատակ ՅՊԲ Քահանայապետի կողմէ 1991ին։ Արարողութեան աւարտին` (որուն ինչպէս յիշեցինք կը նախագահէ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Հայրը) սպանացի համալսարանականներու պատուիրակութիւն մը Հռոմի Պետական Sapienza համալսարանի ուսանողներուն պիտի յանձնեն <<Իմաստութեան Կոյսը>> Սրբանկարը որը շրջած է սպանական համալսարաններուն մէջ, ի պատրաստութիւն երիտասարդութեան համաշխարհային օրուայ որ տեղի ունեցաւ անցեալ օգոստոսին Մատրիտի մէջ։ Տիրամօր Սրբանկարը այժմ պիտի շրջի իտալական համալսարաններու մէջ եւ պիտի աւարտէ իր շրջագայութիւնը Յունիս 2012 -ի Դասատուներու Միջազգային Գիտաժողովին ։








All the contents on this site are copyrighted ©.