2011-12-14 12:38:21

Վատիկանի Արտգործ Նախարարը Իր Խնդակցութիւնը Կը Յայտնէ Ս. Աթոռի եւ Չիլիի Միջեւ Գոյացող Դիւանագիտական Ամուր Կապերուն Համար ։


Վատիկանի արտգործ նախարարը` Գերապայծառ Տոմինիք Մանպերթին վերջերս այցելած է Չիլի հանրապետութիւնը։ Մամուլին հետ ունեցած ելոյթով Գերապայծառ Մամպերթին իր գոհունակութիւնը յայտնեց Ս.Աթոռի եւ Չիլիի միջեւ գոյացող դիւանագիտական դրական ու ամուր կապերուն համար , ինչպէս նաեւ մատնանշեց Չիլիի եկեղեցւոյ բերած օժանդկութեան ` դաստիարակութեան, ընկերային ու մշակութային մարզերուն մէջ։ Գերապայծառ Մամպերթի նոյնպէս ընդգծեց եկեղեցւոյ աշխատանքը բնիկներու իրաւունքներու ճանաչումին ի խնդիր։ Իր Չիլի կեցութեան ընթացքին Վատիկանի արտգործ նախարարը հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Բիենրայի ու անոր գործակիցը` Ալֆրետօ Շարմի հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.