2011-12-14 12:35:39

Նախագահ Սերժ Սարգսեանի Տեսակցութիւնը Իտալիոյ Հանրապետութեան Նախագահ Ճորճօ Նափոլիթանոյի Հետ։


Աշխատանքային այցելութեամբ Իտալիա գտնուող Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հանդիպում ունեցաւ Իտալիոյ նախագահ Ճորճիօ Նափոլիթանոյի հետ:

ՆախագահՍարգսեան նշեց որ, մեծ սիրով կը յիշէ Իտալիոյ Միացումի 150-ամեակին առիթով իր այցելութիւնը Իտալիա, եւ մասնակցութիւնը Հռոմի տօնական հանդիսութիւններուն: Նախագահ Սարգսեան կարեւոր նկատեց, որ հայ Գրատպութեան 500-ամեակի սկիզբը` Վենետիկի Ցուցահանդէսը, տեղի կ՛ունենայ նախագահ Նափոլիթանոյի բարձր հովանաւորութեամբ:
Այս առնչութեամբ Իտալիոյ Հանրապետութեան նախագահը ըսաւ, որ Վենետիկը հայերուն համար մեծ դերակատարութիւն ունեցած է` յատկապէս կրթութեան, մշակոյթի զարգացման առումով կարեւոր յենակէտ դառնալով: Ըստ Նափոլիթանոյի, երկու ժողովուրդներուն մերձեցման համար խոչընդոտներ գոյութիւն չունին:
Երկու նախագահները համոզում յայտնեցին, որ Հայաստանի նախագահին այցելութիւնը լաւ կարելիութիւն է բարձր մակարդակով քննարկելու հայ-իտալական յարաբերութիւնները, ուրուագծելու համագործակցութեան նոր եւ հեռանկարային մարզեր: Հայաստանի եւ Իտալիոյ նախագահները այդպիսի մարզեր նկատած են ուժանիւթը, մասնաւորապէս` այլընտրանքային, նաեւ հիւլէական ուժանիւթը: Նախագահ Սարգսեան իտալական ընկերութիւնները եւս հրաւիրած է մասնակցելու Հայաստանի մէջ իրականացուող ծրագիրներուն, ներառեալ` նոր հիւլէական կայանի կառուցման` նկատի ունենալով այս մարզին մէջ Իտալիոյ փորձը:
Նախագահներ Սարգսեան եւ Նափոլիթանօ անդրադարձան նաեւ Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան, շրջանային խնդիրներուն, ներառեալ` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման բանակցային հոլովոյթին:








All the contents on this site are copyrighted ©.