2011-12-14 12:40:36

Մամլոյ Ասուլիս Յորում Կը Ներկայացուի Սրբազան Քահանայապետին Խաղաղութեան Համաշխարհային 45րդ Օրուայ Պատգամը ''Դաստիարակել Երիտասարդները Արդարութեան եւ Խաղաղութեան''։


Ուրբաթ 16 դեկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 11.30ին, Վատիկանի Մամլոյ Գրասենեակի ՅՊԲ անուան սրահին մէջ տեղի կ՛ունենայ Մամլոյ Ասուլիս, ներկայացնելու Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Խաղաղութեան Համաշխարհային 45րդ Օրուայ Պատգամը, որ պիտի սփռուի Յունուար 1ին եւ ունի որպէս նիւթ <<Դաստիարակել Երիտասարդները Արդարութեան եւ Խաղաղութեան>>։ Մամլոյ Ասուլիսին ընթացքին ելոյթ կ՛ունենան Խաղաղութեան եւ Արդարութեան Քահանայապետական Խորհուրդի նախագահ Կարտինալ Բիթէր Թուրքսոն եւ նոյն Խորհուրդի քարտուղար գերապայծառ Մարիօ Թոզօ։








All the contents on this site are copyrighted ©.