2011-12-14 12:39:57

Եւրոպական Ճգնաժամը Կը Մտահոգէ Պենետիկտոս ԺԶ.Սրբազան Քահանայապետը Եւ Հրեաներու Ռաբունապետը Ճոնաթան Սաքս-ը։
«Հրեաները եւ Քրիստոնեաները ըլլալու են «ստեղծագործ փոքրամասնութիւն»։


Հրէական համայնքներու գլխաւոր Ռաբունապետը Ճոնաթան Սաքս, մամուլին յայտարարծ է թէ ինք կը բաժնեկցի Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի մտահոգութիւնները, ի տես մեր ապրած տնտեսական ճգնաժամին:
Ռաբունապետ Ճոնաթան Սաքս այս յայտարարութիւնը ըրած է դեկտեմբեր 12ին Պենետիկտոս ԺԶ քահանայապետի հետ ունեցած իր հանդիպումէն մի քանի ժամ ետք, Հռոմի Գրիգորեան Համալսարանի մէջ տեղի ունեցած <<Եւրոպայի Հոգին>> խոռագրով գիտաժողովի ընթացքին։
Հրեայ եւ Քրիտոսնեայ պատասխանատուներու առջեւ ունեցած իր ելոյթի ընթացքին Ռաբունապետը անդրադարձած է Վատիկանի եւ Հրեաներու պատմական յարաբերութիւններու ,հաստատելով որ ժամանակը հասած է սկսելու յարաբերութիւններու նոր հանգրուան մը, ի տես Եւրոպայի մէջ տիրող աշխարհականացումին։ Սաքս Ռաբունապետը ապա հարց տուած է թէ ինչպէս հրեաները եւ քրիստոնեաները կարող են նպաստել հասարակութիւններու բարելաւման, եւ այս հարցումին պատասխանած է գործածելով Պենետիկտոս ԺԶ բանաձեւը,այն է՝ «ստեղծագործ փոքրամասնութիւններ»։








All the contents on this site are copyrighted ©.