2011-12-14 12:39:08

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Յուսախաբ Մնացած է Տուրպանի Բնապահպանութեան Ժողովէն, Եւ Հարց Տուած Է Թէ ՝՝Ի՞նչ Ժառանգութիւն Կը Թողունք Ապագայ Սերունդին՝՝։


194 երկիրներ միատեղ հաւաքուած Հարաւային Ափրիկէի Տուրպան քաղաքը կարողացան նուազագոյնս համաձայնութիւն մը կնքել բնապահպանութեան մասին, անցեալ 11 դեկտեմբերին։ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը յուսախաբ մնացած է Տուրպանի բնապահպանութեան ժողովի արդիւնքէն։ Արդարեւ միջազգային հասարակութիւնը այդ ուղղութեամբ շատ բան կ'ակնկալէր Տուրպ անի ժողովէն։

Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարը` վերապատուելի Օլավ Թվէյթ մամլոյ հետ ունեցած իր ելոթին ըսած է որ Տուրպանի ժողովի արդունքները անբաւարար են համապատասխանելու ապագայ սերունդին մեր թողելիք ժառանգութեան համար , ընդգծելով որ մենք պէտք է որ ունկնդրենք թերաճ երկիրներու ու ժողովուրդներու ձայնը խորհելով միաժամանակ թէ ՝՝ ի՞նչ ժառանգութիւն կը թողունք մեր զաւակներուն՝՝։ Եկեղեցիները կանչուած են այդ ուղղութեամբ աշխատելու ու նաեւ աղօթելու , մասնաւորապէս այս շրջանին, մինչ կը պատրաստուինք տօնախմբելու Յիսուս Քրիստոսի ծնունդը։ Հայր Աստուած աշխարհ ղրկեց իր Միածին Որդին որպէսզի փրկէ մարդիկը ու երկրագունդը ։








All the contents on this site are copyrighted ©.