2011-12-14 12:36:24

Ամանորի Եւ Սուրբ Ծնունդի Ցուցահանդէս - Վաճառք


Հովանաւորութեամբ Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան, նախագահութեամբ տէր եւ տիկին Սէմ Րագուպեանի, ՇուՇի - ընկերակցութեան նորակազմ խումբը անցեալ շաբաթ, 10 դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 7:00-ին կայացուց իր անդրանիկ ձեռնարկը` Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան նուիրուած ցուցահանդէս - վաճառքով:
Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Պետողլեան» սրահին մէջ տեղի ունեցած ցուցահանդէսին տիրական էր հայկական դրոշմը, որ կ՛արտացոլար ցուցադրուած զարդեղէններուն ընդմէջէն:
Այս առիթով յատուկ Հայաստանէն հրաւիրուած արուեստագէտ Արմէն Բարսեղեանի գործերը իբրեւ հայկականութեամբ օծուն ապակեղէններ, Նոր տարուան զարդեր, գաւաթներ եւ այլ իրեր, յատուկ ուշադրութեան արբժանացան:
Ցուցահանդէսին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն նաեւ Շահէ Տէր Յարութիւնեան, Մարաշի հայրենակցական միութիւնը, Կարս¬Արա Գուրճաքեանը, Կարինէ Զոպեանը, Յարութ Տեմիրճեանը, Հենրին, Զմմառու վանքի գինեգործարանը, Քարիթասը, Քատմուս փրոճեքթը, Թալին Մխսեանը, Թալին Հանեշեանը, ՀայՖուտը, Թրէյտ փլասը, Զուս ուետինկը:
Ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց եւ բացման խօսքը արտասանեց Րաֆֆի Տեմիրճեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց այս առիթով ՇուՇի¬ի հրաւէրին ընդառաջած հայրենի արուեստագէտ Արմէն Բարսեղեանին, ինչպէս նաեւ միւս մասնակիցներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց վստահութեամբ թիկունք կանգնեցան այս ծրագիրին:
Ր. Տեմիրճեան հաստատեց, որ ՇուՇի¬ն հայութեան ժառանգութեան պահապանն է, անոր պատկանելիութիւնը հայկական է, պատրաստ է գործակցելու ազգային գաղափարին շուրջ համախմբուողներուն հետ: Ըստ անոր, այս խումբը պիտի ըլլայ դէպի արմատներ առաջնորդող, նորութիւններ բերելով հանդերձ պահպանէ հայկական արժէքներն ու ժառանգութիւնը:
Ապա խօսք առաւ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Նարեկ վրդ. Լուիսեան, որ ուրախութիւն արտայայտեց հայադրոշմ եւ հայաբոյր այս ցուցահանդէսին առիթով` հաստատելով, որ քաջալերական է տեսնել հայ արուեստին ու մշակոյթին կառչածութիւնը: Ան դիտել տուաւ, որ սրբազան գործ է հայկական արժէքները պահպանելն ու անոնց կառչիլը, որովհետեւ միայն այդպէս կարելի է հայը հայ պահել:
Նարեկ վրդ. Լուիսեան նշեց, որ հայկականութեամբ լեցուն զարդերով լիբանանահայութեան տուները եւս հայկական ոգիով պիտի լեցուին: Ան իր խօսքը եզրափակեց հաստատելով, որ Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութիւնը նեցուկ պիտի կանգնի նման բնոյթի նախաձեռնութիւններուն` կոչ ուղղելով միշտ պահել հոգեւոր, ազգային ու մշակութային արժէքները:
Ապա ՇուՇի խումբին կողմէ վստահութեան երաշխիք հանդիսացող յուշանուէրներ յանձնուեցան Նարեկ վրդ. Լուիսեանի եւ տէր եւ տիկին Սէմ Րագուպեաններուն:
Հայկական զարդերու, ուտելիքներու եւ այլ իրերու ցուցահանդէս¬վաճառքը շարունակուեցաւ մինչեւ երեքշաբթի, 13 դեկտեմբեր 2011։








All the contents on this site are copyrighted ©.