2011-12-13 11:36:45

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը 2012-ի Առաջին Եռամսեային Ընթացքին Առաքելական Ճամաբորդութիւն Կը Կատարէ Գուպա Եւ Մեքսիքօ։


Վատիկանի Սուրբ Պետրոս Տաճարին մէջ, երկուշաբթի յետ միջօրէին, նախագահելով Լատինամերիկայի անկախութեան 200 ամեակի նուիրուած Պատարագին, Նորին Սրբութիւնը իր քարոզին մէջ յայտարարեց, որ 2012-ի առաջին եռամսեայի ընթացքին մտադիր է այցելել Գուպան եւ Մեքսիքօն աւետելու համար Քրիտոսի Խօսքը լատինամերիկացիներու եւ գարայիպեան կղզիի բնակչութեան։
85 տարեկան Քահանայապետը 2րդ անգամուան համար պիտի այցելէ Լատինամաերիկան ուր կ՛ապրին աշխարհի կաթողիկեներու 40 առ հարիւրը։ 2007 մայիսին Պենետիկտոս ԺԶ հովուական այց կատարած էր Պրազիլ ուր եւ 2013-ին տեղի պիտի ունենայ երիտասարդութեան համաշխարհային օրը։
Իր արտասանած քարոզին մէջ, Նորին Սրբութիւնը մատնանշեց պատարագին դիտաւորութիւնը, որ է լատինամերիկայի երկիրներու անկախութեան 200 ամեակը ու միեւնոյն ատեն նշեց այս ցամաքամասի << նոր դերը>> ու լատինամերիկացիներու հաւատքի եւ պատմա-մշակութային հարուտ գանձի պահպանումի կառեւորութիւնը։ Սրբազան Քահանայապետը ապա խօսեցաւ ընտանիքի պահպանումի, ինչպէս նաեւ դաստիարակութեան կարեւորութեան մասին յանձնարարելով լատիամերիկացիները գործելու հաշտութեան, եղբայրակցութեան ինզպէս նաեւզօրակցութեան ի խնդիր։
Նշենք որ այս առաջին անգամն է որ Սրբազան Քահանայապետ մը սուրբ պատարագ մը կը մատուցանէ Լատինամերիկայի դիտաւորութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.