2011-12-13 13:31:20

ԱԶՆԱՒՈՒՐ Երգեց Մոսկուայի Մէջ։


Աշխարհահռչակ հայ շանսոնիէ` Շառլ Ազնաւուր, Դեկտեմբեր 12ին Կրեմլինի պետական պալատին մէջ իր համերգով անմոռանալի տպաւորութիւն թողուց ռուսաստանի հանդիսատեսին:
Շանսոնիէն ներկայացուցած է նոր ձայնասկաւառակը եւ Aznavour toujours համերգային ծրագիրը:
Երեկոն անմոռանալի նուէր դարձաւ մոսկովեան հանդիսատեսին համար: Շանսոնիէի կատարմամբ հնչեցին բոլորին կողմէ սիրուած երգեր, ինչպէս` նշանաւոր «Յաւէրժական սէրը», որ Ազնաւուր կատարեց ե՛ւ ֆրանսերէն, ե՛ւ ռուսերէն, որ աներեւակայելի հիացմունք պատճառեց ներկաներուն : Հանդիսատեսը առաւել մեծ հիացմունքով կ’արձագանգէր երգիչի ուրախ պարերուն, որոնք իւրատեսակ հմայք կը հաղորդէին՝ արուեստագէտի կատարումներուն: Դժուար էր հաւատալ, որ բեմին վրայ ելոյթ ունեցողը 87 տարեկան է։ Երեկոյին կը մասնակցէր Ազնաւուրի դուստրը` Քաթիան, որուն հետ շանսոնիէն հանդէս եկաւ զուգերգով:
Համերգի աւարտին մոսկովեան հանդիսատեսը՝ աւելի քան 15 վայրկեան՝ յոտնկայս կը ծափահարէր Ազնաւուրին, իսկ ամբողջ բեմը հեղեղուած էր ծաղկեփունջերով:








All the contents on this site are copyrighted ©.