2011-12-13 13:12:00

2011-ը "ՀԱՅ ՄԱՆՈՒԿԻ ՏԱՐԻ" Հռչակուած Արամ Ա.ին Վեհափառի Կողմէ։
Մանուկին ներկայութիւնը Աստուածաշունչին ու եկեղեցւոյ կեանքին մէջ։


Աստուածաշունչը աստուածային յայտնութեան աղբիւր է։ Հետեւաբար, ան քրիստոնէական հաւատքի հիմքն է եւ եկեղեցւոյ կեանքին ու առաքելութեան սիրտը։ Քրիստոնէական կեանքին առնչուած ոեւէ արժէք կամ մտածողութիւն, դէպք կամ երեւոյթ, պէտք է արժեւորուի Աստուածաշունչի լոյսին տակ։ Արդ, երբ կը խօսինք մանուկի մասին, անհրաժեշտ է որ նախ դառնանք Աստուածաշունչին, ուր յաճախակի առիթներով յիշուած է մանուկը։
Երբ Աստուած ստեղծեց Ադամը եւ Եւան, անոնց պարտաւորութիւն տուաւ բազմանալու։ Այս ձեւով յառաջացաւ ընտանիք եւ զաւակ-ծնողք փոխ-յարաբերութիւն։ Այս մասին Հին Կտակարանին մէջ կը հանդիպինք բազմաթիւ ակնարկութիւններու. այսպէս՝ "Թոռները ծերերուն պսակն են. եւ որդիներուն պարծանքը իրենց հայրերն են։ Այլ տեղ մը կը կարդանք թէ Աստուած "Հայրերուն սիրտը պիտի վերադարձնէ դէպի որդիները, եւ որդիներուն սիրտը՝ դէպի հայրերը։ Հին Կտակարանին մէջ մանուկներու դաստիարակութիւնը կը նկատուի կարեւոր. "Կրթէ՛ մանուկը իր ճամբան սկսած ատեն, որպէսզի իր ծերութեան ատեն անկէ չխոտորի։ Որբերու հոգածութիւնը եւս յատուկ կարեւորութեամբ կը յիշուի Հին Կտակարանին մէջ. "Ո՛չ մէկ այրի կամ որբ տառապեցուցէք։

Նոր Կտակարանին մէջ մանուկներու նկատմամբ ցուցաբերուած ուշադրութիւնը նոր շեշտ կը ստանայ։ Աստուծոյ Որդին, որպէս մանուկ կը ծնի Բեթղեհէմի մսուրին մէջ։ Մանուկ Յիսուսի ուղղուած խոր յարգանքն ու երկիւղածութիւնը՝ մոգերէն սկսեալ մինչեւ Սիմէոն ծերունին, յատկանշական երեւոյթ մըն է։ Քրիստոս, իր երկրաւոր առաքելութեան ընթացքին, ո՛չ միայն բազմաթիւ անգամներ մօտեցաւ մանուկներուն եւ իր առակներուն մէջ յաճախ յիշեց զանոնք, այլ կարեւորութեամբ շեշտեց Աստուծոյ ունեցած յատուկ սէրը մանուկներուն նկատմամբ։ Աստուծոյ Որդին մանուկները նկատեց պարզութեան ու խոնարհութեան խորհրդանիշ. "Ով որ իր անձը այս մանուկին պէս կը խոնարհեցնէ՝ անիկա է մեծը երկնքի արքայութեան մէջ։ Քրիստոս նաեւ մանուկներուն ունեցած անմեղութիւնը նկատեց երկնքի արքայութիւն մուտքին նախապայման. "Ձգեցէք որ մանուկները ինծի գան. արգելք մի՛ ըլլաք անոնց, որովհետեւ այդպիսիներուն է երկնքի արքայութիւնը" ։ Այլ առիթով ան յիշեցուց՝ "Եթէ դարձի չգաք եւ մանուկներու պէս չըլլաք, երկնքի թագաւորութիւնը երբէք պիտի չմտնէք" ։ Քրիստոս այնքան կարեւորեց մանուկին տեղը ընկերութեան կեանքին մէջ, որ նոյնիսկ ժողովուրդին դիմաց մանուկ մը գրկելով ըսաւ՝ "Ով որ այսպիսի փոքրիկ մը իմ անունովս ընդունի զիս ընդունած կ'ըլլայ…։ Քրիստոսի առաքեալները շարունակեցին նո՛յն հոգածութիւնը ցուցաբերել մանուկին նկատմամբ, միշտ յիշեցնելով ծնողներուն՝ "Մի՛ զայրացնէք ձեր զաւակները, որպէսզի չյուսալքուին"։

Քրիստոսի առաքելութիւնը շարունակելու կոչուած եկեղեցին, իր հայրապետներուն թէ տիեզերական ժողովներուն, ուսուցումներուն թէ հաստատած կանոններուն ճամբով առանցքային կարեւորութիւն տուաւ մանուկին, եւ յատկապէս՝ անոր կրօնա-բարոյական դաստիարակութեան։ Պատմութեան ընթացքին, բոլոր եկեղեցիները իրենց մտածողութեան ու մտահոգութեան, դաստիարակութեան ու աւետարանչութեան մէջ առաջնահերթ տեղ վերապահեցին մանուկին, զինք նկատելով եկեղեցւոյ հիմքը եւ ընկերութեան շարունակականութիւնը ապահովող ու ապագան երաշխաւորող հիմնական տարրը։

Հայ եկեղեցւոյ կեանքէն ներս եւս հայ մանուկը միշտ գրաւեց կարեւոր տեղ։ Մեր եկեղեցւոյ ցուցաբերած բարձրագոյն աստիճանի հոգածութիւնը մանուկներուն նկատմամբ իր գործնական արտայայտութիւնը ունեցաւ յատկապէս ընկերային ծառայութեան եւ դաստիարակութեան ճամբով։








All the contents on this site are copyrighted ©.