2011-12-12 14:56:16

Վերագտնել Հրեայ-Քրիստոնէական Բարոյականը։


Ռաբունապետ Ճոնադան Սաքս Վատիկանի կիսապաշտօն օրաթերթին մէջ
յօդուած մը ստորագրած է <<վերագտնել հրեա-քրիստոնէական բարոյականը>> խոռագրով ։
Ռաբունապետը կը գրէ որ հարկաւոր է վերագտնել` Աստուծոյ պատկերին նման ստեղծուած մարդու արժանաւորութեան հրեա-քրիստոնէական բարոյականը։ Ան կը հաստատէ թէ մարդկութիւնը չէ ստեղծուած ծառայելու շուկաներուն, ընդհակառակը շուկաները եղած են մարդկութեան ի սպաս։ Կ'ապրինք աշխարհի մը մէջ ուր նիւթական արժէքները ամէն բան են իսկ հոգեւոր արժէքները ոչինչ։ նման կացութիւն մը ի վիճակի չէ ստեղծելու կայուն պետութիւն մը եւ ոչ ալ բարի ընկերութիւն մը։
Յայտնենք որ ռաբունապետը այս առաւօտ հանդիպում ունեցաւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին հետ եւ երերկոյեան դասախօսութիւն մը տուաւ Գրիգորեան քահանայապետական համալսարանին մէջ, ունենալով որպէս նիւթ''Եւրոպայի հոգին''։








All the contents on this site are copyrighted ©.