2011-12-12 14:52:06

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի գործունէութիւնը


Երկուշաբթի 12 դեկտեմբեր 2011։ Առաւօտեան ժամը 11ին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Սերժ Սարգսեանին ու անոր ընկերացող շքախումբին։ Նորին Սրբութիւնը արանձնական հանդիպում մը ունեցաւ Սարգսեանի հետ։
Ժամը 11.30 Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Նոր Զելանտիայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի շարք մը եպիսկոպոսներ որոնք հռոմ ժամանած են իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։ Ժամը 12ին Պենետիկտոս ԺԶ ընդունեց Բրիտանական Հասարակապետութեան հրեաներու միութեան Ռաբունապետ Ճոնադան Սաքսը։
Յետ միջօրէին Լատինաամերիկայի անկախութեան երկուհարիւրամեակի առթիւ Պենետիկտոս ԺԶ Սուրբ Պետրոս Տաճարին մէջ գլխաւորեց Սուրբ Պատարագի Արարողութիւնը։

Երէկ կիրակի 11 դեկտեմբերի առաւօտեան` Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրեց Քրիտոնեաները որ ուրախութիւնը չի փնտրեն Կաղանդի սպառապաշտութեան մէջ, աւելցնելով որ իսկական ուրախութիւնը արտագին երեւոյթ մը չէ այլ աւելի խոր իրողութիւն մըն է որ կապուած է Աստուծոյ հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.