2011-12-10 12:38:30

Այսօր 10 Դեկտեմբեր Մարդու Իրաւունքներու Տիեզերական Հռչակագրի Օրը ։


1948ի Դեկտեմբեր 10ին կ՜ընդունուէր Մարդու Իրաւունքներու Տիեզերական Հռչակագիրը: Այս փաստաթուղթը կը համարուի իրաւունքներու առաջին տիեզերական սահմանումը, որով օժտուած են բոլոր մարդիկ: Փաստաթուղթը Բաղկացած է 30 յօդուածներէ ։
Տիեզերական Հռչակագիրը Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան հիմնարար բաղադրիչ փաստաթուղթն է: Բազմաթիւ միջազգային իրաւաբաններու համաձայն , Հռչակագիրը կը ձեւաւորէ միջազգային իրաւունքի գլխաւոր մասը եւ հզօր գործիք է դիւանագիտական ու բարոյական ճնշման կիրառման մէջ` ուղղուած յատկապէս այն կառավարութիւններուն դէմ, որոնք կ'ոտնահարեն անոր որեւէ մէկ յօդուածը:
1950ին, ի պատիւ Հռչակագիրի, ՄԱԿ-ը հաստատեց Մարդու Իրաւունքներու Օրուան նուիրուած տօնը, որ կը նշուի Դեկտեմբեր 10ին:
Հայաստանի Հանրապետութիւնը ընդունելով Մարդու Իրաւուքներու Տիեզերական Հռչակագիրով սահմանուած՝ համամարդկային արժէքները, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ ժողովրդավարութեան հաստատման սկզբունքները, 1992ին դարձաւ ՄԱԿ-ի անդամ երկիր:








All the contents on this site are copyrighted ©.