՝՝Օգնութիւն Տառապող Եկեղեցիին՝՝ անուան Բարեսիրական Միջազգային Հաստատութիւնը կը
Դառնայ Քահանայապետական Իրաւասու Հիմնարկութիւն։
Պենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը Կղերի Քահանայապետական ժողովի կառավարիչ `Կարտինալ
Բիաչենցա-ն նշանակեց նախագահ ՝՝Օգնութիւն Տառապող Եկեղեցիին՝՝ անուան բարեգործական
միջազգային հաստատութեան, որուն աթոռը այլեւս պիտի գտնուի Վատիկան ։ Յայտնենք որ ՕգնութիւնՏառապող
Եկեղեցիին բարեգործական Միջազգային Հաստատութիւնը տարեկան աւելի քան 5000 ծրագիրներովը
ներկայ է 140 երկիրներու մէջ ,ապա ունի 17 Ազգային Գրասենեակներ տարածուած Եւրոպայ,
Ամերիկա եւ Աւստրալիա։ 2010ին անոր նուիրատուութիւնները հասան 85 միլիոն Էուրոյի։