2011-12-09 09:45:39

Ֆրանսայի Ազգային Ժողովը Ընդունած է Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնող Օրինագիծը


Ֆրանսայի Ազգային Ժողովը Իրաւական հարցերով մշտական յանձնաժողովը՝ ֆրանսացի քանի մը պատգամաւորներու առաջարկով՝ ընդունած է Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը: Այս մասին Ֆրանսայէն կը հաղորդէ անկախ լրագրող Ժան Էքեան:
«Յոյսով եմ, որ մենք կ’երթանք մինչեւ վերջ, եւ Ֆրանսան մարդու իրաւունքներու երկիր կ’ըլլայ»,– ըսած է յանձնաժողովի անդամ Վալերի Պոյեր:
16 Հոկտեմբեր 2006ին Ֆրանսայի Ազգային ժողովը հաւանութիւն տուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին: Սակայն օրէնքը կեանքի կոչելու համար անհրաժեշտ էր անոր հաստատումը Ծերակոյտին կողմէ:
Ֆրանսայի Ծերակոյտը 2011 Մայիսի նիստին՝ ձայներու 196 դէմ եւ 74 կողմ յարաբերակցութեամբ՝ մերժեց Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը:
Օրինագիծի հաստատման պարագային՝ Ֆրանսայի մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտողներուն պիտի սպառնայ մինչեւ մէկ տարուան ազատազրկում եւ 45.000 եուրօ տուգանք:
Ֆրանսայի Ծերակոյտը յառաջիկային կը պատրաստուի քննարկել Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը:








All the contents on this site are copyrighted ©.