2011-12-09 10:19:05

Վատիկանեան Տեղեկութիւններ


Ուրբաթ 9 դեկտեմբեր 2011։
Այսօր ըստ հայ եկեղեցւոյ ծիսական տօնացոյցին կը տօնենք Սուրբ Կոյսի Անարատ Յղութիւնը. Այս տօնը կը պանծացնէ Աստուածամայրը, որ իր յղութեան առաջին վայրկեանէն իսկ իր մօր` Աննայի արգանդին մէջ, անարատ եղաւ սկզբնական մեղքէն։ Այսօր տօնն է նաեւ Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան որոնց Ռատիօվատիկանի հայկական բաժնի անձնակազմը կը ներկայացնէ շնորհաւորական բարի մաղթանքներ։

Վատիկանի Redemptoris Mater մատուռին մէջ առաւօտեան Ժամը 9ին տեղի ունեցաւ Յիսնակաց շրջանի Խորդրդածութիւններու երկրորդ հանդիպումը որուն մասնակցեցաւ նաեւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը եւ զոր կատարեց Քահանայապետական Տան քարոզիչ` Գաբուսին միաբանութեան անդամ` Հայր Րանիէրօ Գանդալամեսսան։ Յիսնակաց շրջանի պատրաստողական այս խորհրդածութեան հանդիպումներու ընդհանուր նիւթն է <<Գացէք ողջ աշխարհով եւ քարոզեցէք Աւետարանը բոլոր արարծներուն>>։ Նիւթ մը ընտրուած նաեւ ի պատրաստութիւն 2012-ի Նոր Աւետարանութեան մասին` Վատիկանի մէջ քումարուելիք եպիսկոպոսական Սիւնհոդոսին։








All the contents on this site are copyrighted ©.