2011-12-09 10:03:43

Ռատիօ Վատիկանի 80րդ տարեդարձի առթիւ՝Ճանչնանքն սոյն Ձայնասփիւռի Յայտագիրները։
Ռատիօ Վատիկանի Ուկրանական Հաղորդումները։


Laudetur Jesus Christus (Անուն Յիսուսի Փառաւորեալ Եղիցի) աւելի քան 70 տարիէ ի վեր Ռատիօ Վատիկանի Ուկրաներէն Լեզուով հաղորդումները, իրենց լեզուով այս նախադասութիւնը կրկնելով բացումը կը կատարեն իրենց ձայնասփռումներուն։ Առաջին անգամ այս բացումը Ուկրաներէն ըլլալով կը ձայնասփռուէր 14 Դեկտեմբեր 1939ին։

1939-ի Սեպտեմբերին Համայնավար Ռուսիան սկիզբ կուտար Ուկրանական հողերու գրաւումին,եւ Աստուծոյ ծառայ Մետրապոլիտ Ատրէա Շեփթիսքիժ կ՝ըմբռնէր թէ Եկեղեցւոյ համար հասած էր դժուարին ժամանակները,տեսնելով նաեւ վտանգը կղզիանալու՝ Սուրբ Աթոռէն ։ Գաղտնի պատգամով մը, ուղղուած երջանկայիշատակ Պիոս ԺԲ Քահանայապետին ,կը խնդրէր ուկրաներէն լեզուով ռատիօհաղորդում մը որ պիտի ըլլար միակ կերպը պահելու կապը հաւատացեալներու եւ Քրիստոնէութեան Կեդրոնի միջեւ։ Քահանայապետը կը հրահանգէր որպէսզի Ուկրաներէն լեզուով հաղորդումները մաս կազմէին Ռատիօ Վատիկանի Ձայնասփռումներուն,յանձնելով պատասխանատուութիւնը Պազիլիան կոչուած Կրօնաւորներուն։ Մի քանի տասնամեաներ յետոյ նաեւ Անարատ Յղացեալի Աղախիններու Միաբանութեան ուկրանացի մայրապեները կը մասնակցէին խմբագրութեան աշխատանքներուն։

Ուկրաներէն Ռատիօհաղորդումները (առօրեայ 20վայրկեան տեւողութեամբ) գլխաւորաբար նուիրուած են քրիստոնէական վարդապետութեան ուսուցման ու կազմաւորումի, եւ այն բոլոր կարեւոր լուրերուն որոնք կը հային Սրբազան Քահանայապետին ու Եկեղեցիին։
Իսկ ներկայիս , Ուկրանիոյ մէջ կրօնաւորական կեանքի օրինականացումէն 20 տարի ետք, Ուկրանական Յայտագիրը կը շարունակէ իր տեղեկութիւնները Քահանայապետի ու Սուրբ Աթոռի գործունէութեանց մասին,միաժամանակ տեղ տալով նաեւ հոգեւորութեան ,ինչպէս նաեւ ընկերային ու մշակութային հարցերու հայող հաղորդումներու։








All the contents on this site are copyrighted ©.