2011-12-09 10:39:06

Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսը՝ նախագահ Լիբանանի ընկերային հաղորդամիջոցներու եպիսկոպոսական յանձնախումբին


Հինգշաբթի, 8 դեկտեմբեր 2011, առաւօտեան ժամը 9-ին, Պքերքէի մէջ Լիբանան տեղի ունեցաւ ընկերային հաղորդամիջոցներու եպիսկոպոսական յանձնախումբի նախագահութեան յանձնումի հանդիսաւոր հանդիպում մարոնիթ պատրիարք Պշարա Ալ Րայիի եւ եպիսոկոպոս Պուլոս Մաթարի միջեւ, որ վերջերս այս պաշտօնին համար ընտրուեցաւ Լիբանանի կաթողիկէ պատրիարքներու եւ եպիսկոպոսաց խորհուրդին կողմէ։ Հանդիսութեան մասնակցեցան պատրիարք Ալ Րայիի եւ Մաթար եպիսկոպոսի կողքին, կաթողիկէ լրատուութեան կեդրոնի տնօրէն տէր Ապտօ Ապու Քասմ եւ ընկերային հաղորդամիջոցներու եպիսկոպոսական յանձնախումբի կղերական ու աշխարհական անդամներ ինչպէս նաեւ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան, հայ կաթողիկէ հաղորդամիջոցներու ներկայացուցիչ, որ մաս կը կազմէ այս եպիսկոպոսական յանձնախումբին։
Հանդիպումին նախ խօսք առաւ Պէյրութի մարոնիթ եպիսկոպոս Պուլոս Մաթար, որ երախտագիտութիւն յայտնեց այս առթիւ իր ընտրութեան համար եւ բարձր գնահատեց իր նախորդները, որոնք օրինակելի դարձան իրենց հաղորդութեան առաքելութեան մէջ, տարածելու համար Քրիստոսի խօսքը ամէնուրեք։
Ապա մարոնիթ պատրիարք Պշարա Ալ Րայի իր խօսքին մէջ ողջունեց Մաթար եպիսկոպոսն ու ընկերային հաղորդամիջոցներու եպիսկոպոսական յանձնախումբի անդամները, նշելով որ «ներկայ աշխարհը կարիքն ունի լսելու առարկայական ճշմարտութիւնը եւ մեր ընկերութիւնը այսօր զգայուն է, պէտք ունի լսելու ճշմարտութեան ինչպէս որ է, առանց կորսուելու ձեւակերպութեան մէջ»։ Ան յոյս յայտնեց, որ «յանձնախումբը աւելի մեծ դեր կատարէ Մաթար եպիսկոպոսի գլխաորութեամբ, գործակցութեան լայն կամուրջներ կանգնելով այլ լրատուամիջոցներու եւ լրագիրներու հետ, որպէսզի օգնենք մեր լիբանանեան ընկերութիւնը հասնելու առարկայական ճշմարտութեան։ Ոչ ոք կրնայ ապրիլ առանց ճշմարտութեան կամ զայն պահելով ու խեղադիւրելով, որովհետեւ ճշմարտութիւնը հիմնաքարն է եւ միայն իրմով կարելի է կառուցել եւ ազատագրել. իսկ Եկեղեցւոյ դերն է լուծել խնդիրները ամբողջովին»։
Ալ Րայի պատրիարքը շեշտը դրաւ նաեւ ընկերային հաղորդամիջոցներու եպիսկոպոսական յանձնախումբի կարեւոր դերակատարութեան եւ ամենամեծ առաքելութեան վրայ լիբանանեան ընկերութեան մէջ եւ աշխարհի տարածքին։ «Անհրաժեշտ է քարոզել բացայայտօրէն ճշմարտութիւնը Լիբանանի եւ արաբական աշխարհի մէջ, որպէսզի մարդիկ յստակ իմանան իրողութիւնները։ Եկեղեցին միայն կրնայ ըլլալ ճշմարտութեան սիւնը, ինչպէս որ յայտնեց Պօղոս առաքեալը, եւ այս ճշմարտութեան արժէքը պէտք է կրէ այս յանձնախումբը», ինչպէս որ ըսաւ մարոնիթ պատրիարքը։ Ան աւելցուց, որ «այս յանձնախումբին հիմնական դերն է բացայայտել ճշմարտութիւնը, որպէսզի իրապէս հաստատենք սիրոյ եւ ընկերութեան նշանաբանը Լիբանանի մէջ, որ կը մնայ միշտ ազատ ճշմարտութեան օրրանը»։








All the contents on this site are copyrighted ©.