2011-12-09 09:45:47

Եւրոպական Ատեանին Մօտ Թուրքիոյ Դէմ Կան 19,000 Թղթածրարներ....


«Մարմարա».- Անգարա երկար ժամանակէ ի վեր լուրջ դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական ատեանին մօտ Թուրքիոյ դէմ բացուած դատերուն հետեւանքով։ Ներկայիս մօտաւորապէս 19,000 թղթածրարներ կան Թուրքիոյ դէմ բացուած դատերու առնչութեամբ, եւ անոց թիւը տարուէ տարի կը բազմանայ։ Անցեալ տարի 5000 նոր դատեր բացուած ենԹուրքիոյ դէմ, իսկ այս տարի՝ 7 հազար, եւ այդ պատճառով, Անգարա միջոցներ կ՛որոնէ նման դատերուն թիւը նուազեցնելու համար:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու եւ արդարադատութեան նախարար Սատուլլահ Էրկինի, վերջերս տուին այս կապակցութեամբ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին Տաւութօղլու ըսաւ, թէ Թուրքիոյ դէմ բացուած դատերը ցոյց կու տան, որ «Թուրքիոյ մէջ հիւանդութիւն մը կայ ու այդ հիւանդութիւնը պէտք է դարմանուի»։
Տաւութօղլու Թուրքիոյ դէմ բացուած դատերը բաժնեց երեք դասակարգերու, որոնցմէ առաջինը կը վերաբերի Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութենէն ծնունդ առնող հարցերուն, ներառեալ՝ Կիպրոսի հարցով ծագած գանգատներուն։
Երկրորդ դասակարգին մաս կը կազմեն այն թղթածրարները, որոնք ծնունդ առած են Թուրքիոյ ներքին իրաւակարգէն եւ կը բացուին իրենք զիրենք անիրաւուած նկատող քաղաքացիներու կողմէ։
Երրորդ դասակարգին մաս կը կազմեն այն դատերը, որոնք բացուած են կարծիքի ու արտայայտութեան ազատութեան կապակցութեամբ։ Ան ըսաւ, որ այսպիսի դատերու դիմաց Թուրքիա այսուհետեւ պէտք է հրաժարի ինքզինք պաշտպանելու քաղաքականութենէն, ու միջոցներ ձեռք բերէ, որպէսզի քաղաքացիները չստիպուին նմանօրինակ դատերու համար դիմել Եւրոպական Ատեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.