2011-12-09 10:03:16

Անարատ Յղութեան Տօնը՝Հայ Եկեղեցւոյ Մէջ։


Ուրբաթ 9 Դեկտեմբեր Հայ Եկեղեցին կը տօնէ Ս.Կոյս Մարիամի Անարատ Յղութիւնը.
Այս տօնը կը պանծացնէ Աստուածամայրը, որ ըստ Եկեղեցւոյ աստուածաբաններու մեծամասնութեան, չէր կրնար արատաւորուած ըլլալ սկզբնական մեղքէն, ուստի եւ իր յղութեան առաջին ռոպէէն իսկ իր մօր` Աննայի արգանդին մէջ, ան անարատ եղաւ սկզբնական մեղքէն.
Անարատ Յղութեան Վարդապետութիւնը պաշտօնապէս հաստատուեցաւ 8/12/ 1854-ին, Պիոս Թ-րդ Քահանայապետի կողմէ։ Ուստի Լուրտի երեւումներէն՝
4 տարի առաջ։ Լուրտի մէջ` Մարիամ ինքզինք յայտնեց Պեռնատէթին որպէս Անարատ Յղացեալ ։
Աղախին Տիրոջ, նախասահմանուած՝ ըլլալու Աստուծոյ Որդիին Մայրը, չէր կրնար չունենալ սրբութեան լիութիւնը։
Արեւելեան Եկեղեցիները զինք կոչեցին Ամենասրբուհի։ Հայ Եկեղեցին դեռ աւելի կը շեշտէ այս սրբութիւնը կոչելով ՝՝ԱՍՏՈՒԱԾԱՄԱՅՐ ՝՝ ՝՝միայն օրհնեալ Սրբուհի՝՝։
Ամենասրբուհի, ուրեմն Մարիամ զերծ է մեղքէ։
Հարկ է՝ Մարիամի զերծ ըլլալը մեղքէն, անոր գոյութեան սկիզբը , եւ հաստատել անոր կատարեալ անարատութեան առանձնաշնորհումը ։
Բիւզանդական Եկեղեցին 7-րդ դարուն կը հաստատէ Տօնը Սուրբ Կոյսի Անարատ Յղութեան՝ Աննայէն։
Աւելի ուշ եւ նոյն թուականին՝ Դեկտեմբեր 9ին՝ այս տօնը կը մտնէ Հայ Տօնացոյցին մէջ։
Արեւելքէն կ՝անցնի Արեւմուտք 9-րդ դարուն հարաւային Իտալիա եւ 11-րդ դարուն Անգլիա։








All the contents on this site are copyrighted ©.