2011-12-08 12:48:22

Պիրմանիայի Մայրաքաղաք Ռանկունի Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ Հարիւր ամեակը։


Այսօր հինգշաբթի 8 Դեկտեմբեր, Եանկունի` Անարատ Յղութեան Աթոռանիստ Եկեղեցին կը նշէ իր առաջին դարադարձը եւ այս առթիւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը, Կարտինալ Ռէնաթօ Րաֆֆայելէ Մարթինոն( Քահանայապետական Խաղաղութեան եւ արդարութեան Խորհուրդի երբեմնի նախագահը) նշանակած է որպէս Պապական նուիրակ գլխաւորելու Ռանկունի Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ հարիւրամեակի տօնախմբութիւնները։
Յայտնենք որ Ռանկունի Աթոռանիստ Եկեղեցին խորհրդանիշն է Պիրմանիայի Եկեղեցւոյ պատմութեան ։ Անիկա հակառակ ռմբակոծումներու ու բնութեան մեծ աղէտներուն, ինչպէս են երկրաշարժները ու մրրիկները, կարողացած է կանգուն մնալ։ Ռանկունի Եկեղեցւոյ կառուցումը սկիզբ առած է 1899ին, 22 փետրուար 1911-ին կատարուեցաւ անոր օծումը ու նուիրումը Անարատ Յղութեան։ 1955-ի Յունուար 1-ին Պիոս ԺԲ Քահանայապետը Ռանկունը բարձրաձնելով Արքեպիսկոպոսական Աթոռի` Ռանկունի եկեղեցին դարձաւ Աթոռանիստ Մայր Տաճար։
Առ ի պատրաստութիւն այս կարեւոր յոբելեանին 29 նոյեմբերէն մինչեւ 8 դեկտեմբեր տեղի ունեցան իննօրեայի աղօթքի արարողութիւններ, իսկ այսօր տեղի կ՛ունենայ եզրափակիչ հանդիսաւոր արարողութիւնը , որուն կը նախագահէ Կարտինալ Ռէնաթօ Մարթինո-ն, մասնակցութեամբ Պիրմանիայի բոլոր եպիսկոպոսներուն ու Եկեղեցական Դասին ինչպէս նաեւ շատ մը օտար երկիրներէն ժամանած քահանաներուն եւ ուխտաւորներուն , մասնակցութեամբր անշուշտ երկրի հաւատացեալներուն։ նշենք որ 2009էն ասդին Պիրմանիայի զինուորական վարչաձեւը խստացուցած է իր քաղաքականութիւնը կրօնքներու հանդէպ, ազգային ինքնութիւնը հզօրացնելու կամքով։








All the contents on this site are copyrighted ©.