2011-12-08 13:10:02

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը ։


Այսօր հինգշաթի 8 դեկտեմբեր ըստ Լատինաց Ծիսական ժամանակացոյցի` Տօնն է Անարատ Յղութեան։
Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը կէսօրին իր գրասենեակի պատշգամէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը` Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հազարաւոր ուխատւորներու մասնակցութեամբ ։ Իսկ յետ միջօրէին, ժամը 16ին` Անարատ Յղութեան Տօնին առթիւ, ինչպէս ամէն տարի, Նորին Սրբութիւնը գնաց Հռոմի պատմական Piazza di Spagna հրապարակը, մեծարելու հոն գտնուող Անարատ Յղութեան Տիրամօր Յուշարձանը։
Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Հայրը խորհրդածութիւնը մը կատարեց իր խօսքը կեդրոնացնլով Անարատ Յղութեան տօնին վրայ մատնանշելով 1854-ի Պիոս Թ Անարատ Յղութեան վարդապետութեան - Ineffabilis Deus - առաքեալական նամակին։ Սրբազան Քահանայապետը ապայ մէջբերեց զանազան սուրբերու` Անարատ Յղութեան մասին` արտայայտութիւնները, հաստատելով որ Անարատ Յղութիւնը իր այոյով մեզ մօտեցուց երկնքի ու այսպէս մենք ալ Իրեն օգնութեամբ պարտաւոր ենք մեր կեանքը լուսաւորելու շնորհքի կատարելագործումով։ Սրբազան Հայրը ապայ խօսքը եզրափակեց մատնանշելով յետ միջօրէի Տիրամօր Արձանի մեծարանքի արարողութեան։ Հուսկ զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները ու անոնց տուաւ իր հայրական օրհնութիւնը








All the contents on this site are copyrighted ©.