2011-12-08 14:05:17

Լիբանանի Նախագահը Այսօր Պաշտօնական Այցով կը Ժամանէ Հայաստան ։


Լիբանանի նախագահ զօրավար Միշել Սլէյման այսօր , եռօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մը, կը ժամանէ Հայաստան` ընդառաջելով Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրին: Նախագահ Սլէյման Երեւանի մէջ հանդիպումներ կ’ունենայ նախագահ Սարգսեանի եւ պետական ու բարձրաստիճան պատասխանատուներու հետ:
Լիբանանի նախագահին կ’ընկերակցի պաշտօնական պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմող նախարարները իրենց հայաստանցի պաշտօնակիցներուն հետ պիտի ստորագրեն փոխադարձ գործակցութիւնը աշխուժացնող համաձայնագիրներ՝ կրթական, մշակութային, զբօսաշրջական, ճարտարարուեստի եւ արտաքին հարցերու ծիրէն ներս:
Նշենք, որ երէկ, նախագահ Սլէյման Հայաստանի Հանրային հեռուստակայանին («Հ1») հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին բարձր գնահատեց լիբանանահայութեան դերակատարութիւնը` Լիբանանի մէջ, յատկապէս քաղաքական, ընկերային, տեղեկատուական, մշակութային եւ տնտեսական մարզերուն մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.