2011-12-08 14:13:18

«Հայութեան Կրօնադաւանական Հատուածները. Մարտահրաւէրներ եւ Հնարաւորութիւններ» Խորագիրով Գիտաժողով Երեւանի Մէջ։


Դեկտեմբեր 9-10 (սկիզբը` ժ.10:00) Երեւանի Քոնկրէս հիւրանոցի «Փիքասսօ» դահլիճին մէջ՝ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան, «Հիքսոս» հիմնադրամի եւ «Նորավանք» գիտակրթական հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ՝ տեղի պիտի ունենայ «Հայութեան կրօնադաւանական հատուածներ. մարտահրաւէրներ եւ հնարաւորութիւններ» խորագիրով միջազգային գիտաժողովը:
Սփիւռքի Նախարարութեան մամուլի ծառայութեան տեղեկութիւններով՝ Գիտաժողովին յատուկ ուշադրութիւն կը դարձուի հայութեան կրօնադաւանական հատուածներու ազգային ինքնութեան պահպանման եւ միջդաւանական համերաշխութեան, համագործակցութեան մթնոլորտի ապահովման միջոցներուն: Բներգական առումով ասիկա առաջին փորձն է` լուսաբանելու ոլորտի խնդիրները:
Պատմական հանգամանքներու բերումով 19րդ դարու կէսերէն Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ կողքին ստեղծուեցան Հայ Կաթողիկէ եւ Աւետարանական եկեղեցիները: Յետագային` Ցեղասպանութեան տարիներուն, հայերը զանգուածաբար ենթարկուեցան բռնի իսլամացման: Իբրեւ արդիւնք` Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ հետեւորդներու կողքին՝ ներկայիս աշխարհի հայութեան մաս կը կազմեն նաեւ կաթողիկէ, աւետարանական եւ իսլամացուած հայերը:
Հայ Առաքելական, Կաթողիկէ եւ Աւետարանական եկեղեցիներուն միջեւ քաղաքական, հասարակական, մշակութային եւ այլ ոլորտներու մէջ պատմականօրէն ձեւաւորուած է համագործակցութեան որոշ փորձ, որ առաւել ակնառու դրսեւորում ստացած է Սփիւռքի մէջ: Ուշագրաւ են, օրինակ, Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ դատապարտման համար համատեղ պայքարը, հասարակական կառոյցներու համատեղ հիմնումը եւ տնօրինումը, քրիստոնէութեան ընդունման 1700ամեակին, հայոց գիրերու գիւտի 1600ամեակին նուիրուած համատեղ քայլերը եւ այլն: Միեւնոյն ժամանակ, կան նաեւ որոշ խնդիրներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.