2011-12-07 14:12:20

Միջազգային Պաշտպանութեան Եւ Անքաղաքացիներու Հարցերու շուրջ ՄԱԿ-ի Փախստականներու Գերատեսչութեան Ժողովը Ժընէվի մէջ։


7 - 8 դեկտեմբեր ՄԱԿ-ի Փախստականներու Գերատեսչութիւնը Ժընէվի մէջ կազմակերպած է կարեւոր հանդիպում մը ՝՝Միջազագային Պաշտպանութեան եւ Անքաղաքացիներու հարցերը՝՝ քննելու համար ։ Հարց մը որ աշխարհի մէջ կը հետաքրքրէ 12 միլիոն անձեր ։ Հանդիպումի նպատակն է ամրապնդել հիմնական այն սկզբունքները որոնք վերջին յիսսուն տարիներու ընթացքին առաջնորդեցին միջազգային հանրութեան դիրքը՝ փախստականներու, տեղահանուածներու եւ հպատակութիւն չ՛ունեցողներու նկատմամբ ։
Անցեալ 4 դեկտեմբերի Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի ընթացքին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ,իր կարգին դիտել տուած էր որ Ժընեվի մէջ եւ այլուր պիտի տօնախմբուին Գաղթականութեան Համաշխարհային Կազմակերպութեան 50-ամեակը, Փախստականներու կարագավիճակի պայմանագրութեան 60-ամեակը եւ Քաղաքացիութիւն չունեցողներու թիւի նուազեցումի պայմանագրութեան 50- ամեակը։

Այս ուղղութեամբ Սրբազան Հայրը Տիրոջ հովանիին յանձնած էր բոլոր անոնք որոնք յաճախ բռնի կերպով ստիպուած են հեռանալ իրենց երկիրներէն, որոնք կը կորսնցնեն կամ նովին գործով չունին քաղաքացիի կարգավիճակ։ Ապա Նորին Սրբութիւնը նոյնպէս քաջալերած էր բոլոր անոնք որոնք զօրակցութիւն կը ցուցաբերէն պաշտպանելով եւ աջակցելով դժուար կացութեան մէջ ապրող իրենց եղբայրներուն ։
ՄԱԿ-ի Փախստականներու Գերատեսչութիւնը առաջարկած է շարք մը արդիւնաբեր միջամտութիւններ բարելաւելու նպատակով Փախստականներու Կարգավիճակը։ ՄԱԿ-ի ժողովին կը մասնակցին 75 երկիրներու նախարարներ եւ փոխ նախարարաները, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի գործակատարներ ու մասնագէտներ Միջազգային գետնի վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.