Միլանօ Քաղաքի Պաշտպան Սուրբը՝ Սուրբ Ամբրոզիոսի Տօնը։
Չորեքշաբթի 7 դեկտեմբեր , Լատին ծիսական օրացոյցի համաձայն տօնն է Միլանոյի Պաշտպան Սուրբի՝
Սուրբ Ամբրոզիոս Հայրապետին։ Աուրէլիօ Ամբրոզիոս ծնած է Դրէվիրի մէջ 340 թուականին
ու վախճանած 397ին։ Ան եղած է եպիսկոպոս` գրագէտ ու քաղաքական գործիչ, նա մանաւանդ
4րդ դարու եկեղեցական ամենէն ազդու անձնաւորութիւններէն մին։ Համայն Քրիստոնայ եկեղեցիներու
կողմէ պաշտամունքի արժանի` Ամբրոզիոս Հայրապետը, կաթողիկէ եկեղեցւոյ կողմէ նկատուած է
որպէս Եկեղեցւոյ ամենակարեւոր չորս վարդապետներէն մին՝ Սուրբ Ճիրոլամոյի` Սուրբ Օգոստինոսի
եւ Սուրբ Գրիգոր Ա. Քահանայապետի հետ միասին։ Ճանչցուած նաեւ որպէս Միլանոյի Սուրբ
Ամբրոզիոսը` Սուրբ Գարլօ Պորրոմէոյի հետ միասին ան Միլանոյի Պաշտպան Սուրբն է ։ Արդարեւ
մինչեւ իր մահը Ամբրոզիոս եղած է Իտալիօ Միլանօ Քաղաքի Եպիսկոպոսը։ Քաղաքին մէջ գոյութիւն
ունի իրեն նուիրուած Տաճար մը ուր կը պահպանուին Սուրբին աճիւնները։