2011-12-07 14:10:42

Հոգեւոր Երաժշտութեան 4-րդ Փառատօն Լիբանանի Մէջ:


Հոգեւոր երաժշտութեան 4րդ փառատօնի նախաձեռնութիւններուն ծիրէն ներս, Դեկտեմբեր 5ին Լիբանանի Քափուչինններու Միաբանութեան Ս. Լուիս կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Հայկական խճանկար Բ.»ը, որուն ընթացքին Զաքար Քէշիշեան եւ Կամիլա Քէշիշեան նուագեցին հայկական հոգեւոր, դասական եւ ժողովրդական երաժշտութիւններ:
Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց հոգեւոր երաժշտութեան փառատօնի կազմակերպիչներէն եւ նախաձեռնութեան հիմնադիր Միշլին Ապի Սամրա, որ նշեց, թէ դէպի բարձունքները կ’առաջնորդեն՝ Զաքար եւ Կամիլա Քէշիշեանները, որոնց երաժշտական մթնոլորտը կը ներշնչէ Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը նախապատրաստող հոգեւոր տրամադրութիւն:
Ելոյթ ունեցան Զաքար Քէշիշեան (տուտուկ, շուի) եւ Կամիլա Քէշիշեան (դաշնակ), որոնք մենակատարումով ու զուգանուագներով նուագեցին եւ արժանացան ներկաներու ծափահարութիւններուն: Իւրայատուկ ելոյթով հանդէս եկաւ Կամիլա Քէշիշեան, որ դաշնակի իւրայատուկ գործածութեամբ ունեցաւ բարձրորակ կատարում մը:
Անոնք հոգեւոր, ժողովրդական եւ դասական երաժշտութիւններու ընդմէջէն ներկաներուն մատուցեցին որակաւոր արուեստ ու ստեղծեցին հոգեպարար մթնոլորտ: Այս հանդիսութիւնը նաեւ ծառայեց, որ օտար հանրութիւնը ծանօթանայ հայկական մշակութային գոհարներուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.