2011-12-07 12:39:43

ԷՋ ՄԸ ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵՆԷՆ։

Նիկողայոս Զօրայեան (1821-1859). Հայ ժողովուրդի Ազգային Զարթօնքին Արժանաւոր Յառաջապահը ։


152 տարի առաջ, Պոլսոյ մէջ 38 տարեկանին ապաժամ կը վախճանէր հայ ժողովուրդի արժանաւոր զաւակներէն Նիկողայոս Զօրայեան, որ 19րդ դարու մեր Ազգային Զարթօնքին յաղթարշաւը յառաջ մղող գլխաւոր դէմքերէն մէկը, որ ամէնէն աւելի հասարակագիտական մտքի պաշարով օժտուած հեղինակութիւնը հանդիսացաւ։
Գրագէտ էր ու հրապարակագիր Նիկողայոս Զօրայեան, որ անզիջող կերպով աշխարհաբար գրեց եւ արեւմտահայերէնի արդի պարզութեան ու գեղեցկութեան մեծագոյն մշակներէն եղաւ։ Գրական-ստեղծագործական մնայուն գործեր չարտադրեց եւ առաւելաբար իր թարգմանութիւններով, յատկապէս անոնց բարձրորակ հայերէնով սերունդ մշակեց ու գեղարուեստական ճաշակ տարածեց։

Զարթօնքի Սերունդի վաստակաշատ այս ներկայացուցիչը ծնած էր 1821ին, Պոլսոյ հայահոծ թաղերէն Գում-Գաբուի մէջ, Մկրտիչ Զօրայեանի ընտանեկան յարկին տակ։ Նախնական կրթութիւնը ստացած էր թաղի տէր-թէոդիկեան վարժարանին մէջ, բայց չհաշտուելով հոն տիրող խաւարամտութեան մթնոլորտին հետ, 1834ին անաւարտ թողած էր դպրոցական ուսումը եւ նուիրուած էր ինքնակրթութեան։ Նաեւ օտար լեզուներու ծանօթացման համար մասնաւոր դասերու հետեւած էր օրուան մտաւորական դէմքերէն Պատուելի Ֆիզիքա Պօղոսի եւ Մխիթարեան Վարդապետի մը մօտ։ 15 տարեկանին կեանքի ասպարէզ նետուած էր՝ թարգմանչական պաշտօն կատարելով Պոլսոյ մաքսատան մէջ։ Բայց ուսումնատենչ երիտասարդին հեռանկարը բարձրագոյն ուսման հետեւիլն էր։
1843ին յարմար առիթը ներկայացաւ Ն. Զօրայեանի, որ իբրեւ թարգման ընկերացաւ օրուան ջոջերէն Պօղոս Աղա Միրասեէտիյեանի՝ այս վերջինի դէպի Մանչեսթըր (Անգլիա) կատարած գործարարական ուղեւորութեան ընթացքին։ Զօրայեան որոշեց Մանչեսթըր մնալ եւ տարի մը ուսման հետեւիլ, ապա՝ անցաւ Փարիզ, ուր շարունակեց թէ՛ աշխատիլ, թէ՛ ուսանիլ՝ հետեւելով պատմութեան, հասարակագիտութեան, մանկավարժութեան, հոգեբանութեան եւ տնտեսագիտութեան դասընթացքներու։
Կարճ ընդմիջումներով Պոլիս վերադառնալով կամ Վենետիկ մնալով հանդերձ, Ն. Զօրայեան աւելի քան չորս տարի ապրեցաւ եւ ուսանեցաւ Լոյսի քաղաքին մէջ՝ մօտէն մասնակցելով ամբողջ Եւրոպան ցնցող փարիզեան յեղափոխական խմորումներուն, որոնք իրենց անջնջելի դրոշմը դրին երիտասարդ հայ մտաւորականի աշխարհայեացքին վրայ։ Նոյն տարիներուն Փարիզ կը գտնուէին նաեւ Զարթօնքի Սերունդին գլխաւոր բոլոր դէմքերը՝ Գրիգոր Օտեանն ու Նահապետ Ռուսինեանը, Խաչատուր Միսաքեանն ու ՍԵտեփան Ոսկանը, որոնց հետ Զօրայեան իր առաջին կապերն ու գործակցութիւնը ունեցաւ։

Նիկողայոս Զօրայեան հանրածանօթ ստորագրութիւն էր, երբ 1848ին վերջնականապէս վերադարձաւ Պոլիս, ուր առեւտրական թարգմանի իր աշխատանքին կողքին՝ ամբողջ ժամանակը նուիրեց ազգային¬հասարակական եռուն գործունէութեան, թափ տալով ինչպէս գրական¬թարգմանական, նոյնպէս եւ տնտեսագիտական ու ընկերաբանական իր աշխատասիրութիւններուն։
Թէեւ Ն. Զօրայեան բախտը չունեցաւ տեսնելու յանուն աշխարահաբարի եւ Ազգային Սահմանադրութեան իր մղած հետեւողական ու բուռն պայքարին յաղթանակով պսակումը, այսուհանդերձ՝ իր կեանքի վերջին տարիները ամբողջապէս կլանուեցան Ազգային Սահմանադրութեան մշակումով եւ անոր որդեգրման համար անզիջող պայքարով։
1859ին ուղեղի կաթուածը ընդհանուր անդամալուծութեան մատնեց Ազգային զարթօնքի այս արժանաւոր ներկայացուցիչին, որ աչքերը առ յաւէտ փակեց Նոյեմբեր 30ին՝ ազգային լուսաւորութեան եւ ժողովրդավարական արժէքներու տարածման յառաջամարտիկի լուսապսակը ճակտին։








All the contents on this site are copyrighted ©.