2011-12-06 12:56:54

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Կ՛ընդունի Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահը։


Հայաստանի Հանապետութեան Նախագահ Սերժ Սարգսեան յառաջիկայ 12 դեկտեմբերին պաշտօնական այցով կը ժամանէ Հռոմ, ուր քաղաքական ու պետական իշխանութիւններու հետ նախատեսուած հանդիպումներու շարքին Հայաստանի Նախագահը պիտի տեսակցի նաեւ Վատիկանի մէջ, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի հետ։

Նշենք որ ասիկա առաջին անգամն է որ Սերժ Սրագսեան կ՝այցելէ Վատիկանը ։ Իտալիայ կեցութեան ընթացքին Հայսատանի Նախագահը հանդիպում պիտի ունենայ նաեւ Իտալիոյ Հանրապետութեան Նախագահ Ճորճօ Նափոլէթանոյի հետ, իսկ 14 դեկտեմբերին Վենետիկի մէջ բացումը պիտի կատարէ «Հայաստան. Քաղաքակրթութեան Դրոշմներ» խորագրով ցուցահանդէսին` որ պատրատուած է Հայ Գրատպութեան 500-ամեակի Յոբելիանին առիթով։








All the contents on this site are copyrighted ©.