2011-12-06 12:02:56

2011-ը Հայ Մանուկի Տարի: Հռչակուած Արամ Ա.Վեհափառի կողմէ .
Հայաստանի Մանկատուները ՝ Ուր Կ՝ապրին Հազար Որբ Երախաներ։


Հայաստանի Պետական 8 եւ Բարեգործական 4 Մանկատուներուն մէջ կ’ապրին մօտաւորապէս 1000 երախաներ ։ Մանկատուներու մէջ խնամուող երախաներու թիւը 2008 թուականի տուեալներով նուազած է հարիւրէն 70տոկոսով, միաժամանակ լուծարուած են 2 բարեգործական մանկատուններ՝ պետութեան աջակցութեան եւ «Խնամատար ընտանիք» փորձնական ծրագրի իրականացման շնորհիւ:

ՄԱԿի Մանկական Հիմնադրամի ու Հայաստանի Օգնութեան Ֆոնտի երախաներու ընդունման եւ կողմնորոշման կեդրոնի կողմէ իրականացուող փորձնական ծրագրի ծիրէն ներս, 2007ին Վանաձորի եւ Գաւառի մանկատուներէն 20 երախաներ տեղափոխուած են խնամատար ընտանիքներ, իսկ այս տարի՝ Վանաձորի մանկատունէն 6 եւ Գաւառի մանկատունէն 8 սաներ՝ ՄԱԿի Մանկական հիմնադրամի ու ՀՀ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան համատեղ աշխատանքներու արդիւնքով:
2006-2007ին 80 երախաներ վերադարձած են իրենց ընտանիքներու քով , իսկ 20 երախայի մուտքը մանկատուն կանխուած է: Այս տարի(2011) նախատեսուած է 40 երախայի վերադարձ կենսաբանական ընտանիք:
Ըստ ՀՀ Ելեւմուտքի Նախարարութեան,այս տարի 155.3 միլիոն դրամ յատկացուած է Մանկատուներուն, ընկերային անապահով եւ զոհուած ազատամարտիկներու երախաներու հանգիստը Հայաստանի հանգստեան տարբեր ճամբարներուն մէջ 14-18 օրով կազմակերպելու համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.