2011-12-05 13:31:57

Սրբազան Քահանայապետը Ցաւ Կը Յայտնէ Ի Տես Յիսնակաց Շրջանին Անսանձ Եռուզեռին։


2 դեկտեմբերին, Վատիկանի մէջ տեղի ունեցաւ Ծննդեան համերգ մը եւ շարժապատկեր- վաւերաթուղթի մը ''ծիսական Յիսնակացը Պավարիայի մէջ'' նիւթով, ներկայութեամբը՜ Պենետիկտոս ԺԶ սրբազան Քահանայապետին։
Այդ գեղարուեստական արարողութեան աւարտին, Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց որ ծիսական Յիսնակաց ժամանակաշրջանը պէտք է ըլլայ լռութեան ժամանակ մը։ Դժբախտաբար, ցաւով դիտել տուաւ Սրբազան Հայրը, որ այդ շրջանը դարձած է երթեւեկի ու առեւտուրի անսանձ ժամանակ մը։
Բարեբախտաբար ժողովրդական հաւատքի աւանդութիւնները ոչ միայն չկորսուեցան, այլ ընդհակառակն՝ վերանորոգուեցան եւ խորացան։
Այս աւանդութիւնները կը սատարեն հաւատացեալին հաւատքը ամրապնդելու եւ զարգացնելու։








All the contents on this site are copyrighted ©.