2011-12-05 14:25:32

Ռուսիոյ Քաղաքական Ընտրութիւնները եւ Եգիպտոսի Խորհրդարանական Ընտրութիւններու նախնական Տուեալները։


Հակառակ որ Մոսկուայի հրապարակներու վրայ խռովութիւնները կը շարունակուին,ընտրութեանց յաջորդ օրը եւս, բայց կարելի է ըսել որ Փութինի եւ Մետվետեւի Միացեալ Ռուսիա կուսակցութիւնը յաղթական դուրս կուգայ այս ընտրութենէն ձեռք ձգելով նաեւ բացարձակ մեծամասնութիւն ։ Միացեալ Ռուսիա կուսակցութիւնը ըստ վերջին տուեալներու ստացած է քուէներու հարիւրէն 49,54 տոկոսը ,որ իրեն կարեիութիւն կ՝ընձեռէ ունենալու 450 աթոռներու՝238-ը, ընդգծենք որ նախ քան Կուսակցութիւնը ունէր 315 աթոռներ,ուստի որոշ կորուստ մը ակնբախ է։ Վլատիմիր Փութինի եւ Տիմիթրի Մետվետեւի միջեւ դերակատարութիւններու շարունակական փոփոխութիւնները ժխտական ազդեցութիւն ունեցած կը թուին ըլլալ՝ ընտրողներու վրայ,նա մանաւանդ ընտրութեան առաջին անգամ մասնակցող երիտասարդներու վրայ։
Գալով ԵԳԻՊՏՈՍԻ Երէկ երեկոյեան ժամը տուեալներով, եգիպտական խորհրդարանական ընտրութեանց նախնական պաշտօնական արդիւնքները ցոյց տուին, թէ Իսլամ Եղբայրները ապահոված են քուէներուն 36,62 առ հարիւրը, իսկ սալաֆականԱլ- Նուր կուսակցութիւնը` 24,36 առ հարիւրը: Մասնակցութեան համեմատութիւնը աննախադէպ 62 առ հարիւր եղած է :
Քանաթ Սուէյզ համալսարանի մէջ քաղաքական գիտութեան դասախօս դոկտ. Ժամալ Զահրան «Խալիժ» օրաթերթին յայտնած է, որ եգիպտացիները ընդհանրապէս չափաւորականութեան հակամէտ են եւ որեւէ կողմի կողմնակալութիւն չեն կատարեր ու ոեւէ մէկուն նկատմամբ ամբողջական վստահութիւն չեն ունենար, ուստի ընտրութեան երկրորդ եւ երրորդ հանգրուանի քուէարկութեան պատկերը կրնայ ուրիշ ըլլալ առաջին հանգրուանէն, ուր յստակ է, թէ իսլամական հոսանքը եգիպտական քաղաքական ուրիշ հոսանքներէն աւելի յառաջատար դիրք գրաւած է:
«Ահրամ» քաղաքական եւ ռազմավարական հետազօտութեան կեդրոնին մէջ քաղաքական հարցերու փորձագէտ Ամրօ Շաուպաքի իր կարգին «Խալիժ»-ին յայտնած է, որ առաջին հանգրուանի ցուցանիշները կը հաստատեն, որ իսլամականները հաւանաբար յառաջիկայ խորհրդարանի աթոռներուն մեծամասնութեան տիրանան:








All the contents on this site are copyrighted ©.