2011-12-05 17:18:35

Մոսկուայի Կիւրեղ Պտրիարքը Իր մտահոգութիւնը Կը Յայտնէ Ի Տես Քրիստոնեաներու Գաղթին Արաբական Աշխարհէն։


Ի տես ներկայ լարուած կացութեան, արաբական եւ հիւսիսային Ափրիկէի մէջ, մենք ականատես ենք հալածանքի ալիքի մը քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու դէմ, որուն հետեւանքով զանգուածային գաղթի մը առջեւ կրնանք գտնուիլ, յայտարարած է Մոսկուայ Կիւրեղ պատրիարքը։
Պատրիարքը կը յիշեցնէ որ Միջին Արեւելքը եղած է օրրանը միաստուածեան երեք կրօններու, քրիստոնեաներու վտարումը, այդ հողամասէն, օրէ օր կրնայ դառնալ իրականութիւն։ Ռուսիոյ պատրիարքին գնահատումով քրիստոնեաները դարձած են պատանդը համաշխարհային քաղաքականութեան եւ անոնց կացութիւնը վատթարացաւ օտար ուժերու միջամտութեան հետեւանքով։ Քրիստոնեաները հետզհետէ կը դառնան ամենէն հալածուածները աշխարհի վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.