2011-12-05 17:22:58

Լիբանանահայ կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններու խորհուրդին խօսքը նախարար Արմէն Աշոտեանին


Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպանատան մէջ, Հայաստանի հանրապետութեան Կրթութեան եւ Գիտութեան նախարարի պաշտօնական ընդունելութեան ելոյթին, Լիբանանի հայ կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններու խորհուրդին խօսքը փոխանցեց հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստ։ Այսուհետեւ Լիբանանի հայ կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններու խորհուրդին խօսքը՝
«Մեծարգոյ Պարոն Արմէն Աշոտեան
Հայաստանի Հանրապետութեան Կրթութեան եւ Գիտութեան նախարար
Պարոն Նախարար, թոյլ տուէք նախքան զեկոյցիս անցնիլը ողջունել ձեր ներկայութիւնը լիբանանահայ գաղութին մէջ։ Բարի եկած էք։
Յարգարժան նախարար,
Ներկայացնելով Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններու խորհուրդը այսօր պիտի փորձեմ համառօտ կերպով ձեր յարգոյ ուշադրութեանը յանձնել լիբանանահայ կաթողիկէ վարժարաններու այսօրուան պատկերը։
Լիբանանի մէջ մենք ունինք թիւով եօթ (վեց երկրորդական եւ մէկ արուեստից) վարժարաններ, որոնցմէ չորսը՝ ունին ֆրանսական թէքում, իսկ երեքը՝ անգլիական թէքումով վարժարաններ են։ Մեր վարժարանները, որ տեղակայուած են հիմնականին մէջ հայահոծ շրջաններու մէջ, իսկ անոնցմէ մին՝ հայաբնակ Այնճար աւանին մէջ, ունին թիւով աւելի քան 2600 աշակերտութիւն։ Սակայն գաղտնիք ըսած պիտի չըլլամ, երբ յիշեմ, որ այս թիւը տարուէ տարի աճ կ՛արձանագրէ։ Մեր բոլոր վարժարաններն ալ կը հետեւին Լիբանանի կրթական նախարարութեան կողմէն մշակուած ու հաստատուած ուսումնական ծրագիրին, անշուշտ հայեցի դաստիարակութեան եւ հայ քրիստոնէական հաւատքի թրծման նպատակով պետական այս ծրագիրին կու գան աւելնալու եւ այսպիսով զայն ամբողջացնելու հայագիտական նիւթերը (ինչպէս հայոց լեզուի եւ գրականութեան, հայոց պատմութեան դասանիւթերը, այնպէս ալ կրօնագիտութեան դասանիւթը)։
Ընդհանուր առումով մեր վարժարանները ընդհանրապէս կրթադաստիարակչական մարզին մէջ ոչ մէկ ճիգ կը խնայեն, ընտրելով առաջին հերթին մանաւանդ ուսուցիչներու ընտրանի մը եւ մնայուն հետեւելով այդ ընտրանիի այժմէականացման, կազմակերպելով ուսուցիչներու վերապատրաստման յատուկ դասընթացքներ եւ սեմինարներ։ Մենք նաեւ մեր դպրոցական համակարգը այժմէականացնելու նպատակով կը համագործակցինք լիբանանեան գետնի վրայ մեծ համբաւ ու պատիւ վայելող կրթական բարձրագոյն հաստատութիւններու եւ կաճառներու հետ։
Շինարարական կամ կահաւորման մարզի մէջ չենք զլանար հնարաւորինս արդի միջոցներով եւ սարքաւորումներով օժտելու համար մեր վարժարանները՝ միշտ հարազատ մնալով 21-րդ դարու կրթական պահանջքներուն։
Անշուշտ մեծ կարեւորութիւն ընծայելով հայագիտական նիւթերուն եւ անոնց զարգացմանը, ձեռնածալ չենք նստած։ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին կից վերջին տարիներս ստեղծուած □Նարեկացի□ կեդրոնի մէջ բացուած դպրոցական հայագիտութեան զարգացման գրասենեակը ծաւալած է բուռն գործունէութիւն այս առթիւ Լիբանանի հայ կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններու խորհուրդի եւ հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի կեդրոնի հրաւէրով անցեալ Սեպտեմբերին Խաչատուր Աբովեանի անուան Երեւանի պետական մանկավարժական համալսարանի մանկավարժական ամբիոնի դասախօս, Դոկտոր Փրոֆեսոր Ճուլիէթա Կիւլամիրեան կը գտնուի Պէյրութ, մեր վարժարաններու ուսուցիչներուն ուղղուած մանկավարժական կազմաւորումի դասընթացքներ ղեկավարելու համար։ Այս ծրագիրը նախաձեռնութիւնն էր Ս. Գրիգոր Նարեկացի կեդրոնի դպրոցական հայագիտութեան զարգացման գրասենեակին, որ մեկնարկ առաւ 2011ի Մայիսին Դոկտ. Կիւլամիրեանի կատարած կազմաւորումի աշխատանքներով, նկատի ունենալով այդ աշխատանքներուն արդիւնաւէտութիւնը, որոշում առնուեցաւ այդ ծրագիրը շարունակել, ի սպաս հայ աշակերտներուն հայերէնի ուսուցման եղանակներու զարգացման, ինչպէս նաեւ լիբանանահայ մանկավարժներու մասնագիտական օգնութեան։ Մենք կ՛ակնկալենք, որ շնորհիւ նմանօրինակ գործունէութեան, Լիբանանի մէջ մեր եօթ վարժարաններուն մէջ պիտի նկատուի էական յառաջընթաց ինչպէս ուսուցիչներու ընդհանուր մանկավարժական կազմաւորումին, այնպէս ալ հայերէնի ուսուցման պայմաններուն մէջ։ Այս առթիւ, Պր. Նախարար, թոյլ տուէք լիբանանահայ կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններու խորհուրդին անունով յատուկ շնորհակալութիւն յայտնել Ձեզ, Ձեր նախարարութեան սփիւռքի բաժնի աշխատակիցներուն եւ մանաւանդ՝ Խաչատուր Աբովեանի անուան Երեւանի պետական մանկավարժական համալսարանի նախագահ՝ Պր. Ռուբէն Միրզախանեանին, այս ծրագրի կատարման ի խնդիր ձեր ցուցաբերած աջակցութեան համար։
Անպայման կ՛ուզեմ, որ շնորհիւ Դոկտ. Փրոֆ. Ճուլիէթա Կիւլամիրեանի ջանքերուն, այսօր արդէն մեր մանկապարտէզները, ինչպէս նաեւ նախակրթարանները ունին իրենց յատուկ ուսումնական ծրագիրը (յետ դիտարկումներու, երկարատեւ դասալսումներու եւ ուսուցիչներու հետ վարած սեմինարներու)։
Մենք կը հաւատանք, որ մեր վարժարաններու գոյութիւնը պայմանաւորուած է հայեցի դաստիարակութեամբ եւ հոգեւոր՝ քրիստոնէական կրթութեամբ։ Այս ծիրին մէջ շուտով պիտի ստեղծուին նոր, արդի դասագիրքեր նաեւ մանկապարտէզներու համար։
Այսպիսով, Հայաստան հայրենիքի հետ մեր համագործակցութիւնը կը զարգանայ։ Մենք կ՛ունենանք տարբեր մարզերէն այցելուներ եւ սերտօրէն կը գործակցինք Սփիւռքի նախարարութեան հետ։
Մեծարգոյ Պարոն Նախարար,
Մենք ունինք մի խնդրանք Հայաստանի Հանրապետութեան Կրթութեան եւ Գիտութեան նախարարութենէն. մեր վարժարաններուն մէջ այսօր խիստ կարիքը կը զգացուի հայոց պատմութեան առընչուող լսատեսողական միջոցներու, անշուշտ արեւմտահայերէն տարբերակի։ Մենք մեծապէս ուրախ պիտի ըլլանք, եթէ նախարարութիւնը կարենայ հայթայթել մեզ համար այս յոյժ կարեւոր միջոցներրը։
Նաեւ, արուեստի մարզին մէջ խստագոյնս կարիքը կը զգանք մասնագէտ-մարդուժի։ Մեծ կ՛ըլլայ բոլորիս երջանկութիւնը, երբ նախարարութիւնը կարենայ նաեւ այս մարզին մէջ օգտակար դառնալ մեր վարժարաններուն։
Մեր հիմնական դժուարութիւններէն է տնտեսական տագնապը, որ այսօր ամէնուր է, բայց մանաւանդ Միջին Արեւելքի մեր գաղութները տարբերօրէն կը զգան այդ մէկը։ Ասիկա ահա¬զանգ մըն է, որ յատկապէս կը տարածուի միջին խաւի վրայ։ Այս պատճառով մեր ժո¬ղո¬վուր¬¬դի զգալի հատուած մը իր զաւակները կ՛ուղղէ կառավարական վարժարաններ, ուր ուսում¬նա¬ռու¬թիւ¬նը անվճար է։ Ճիշդ է, որ հայկական բոլոր վարժարաններու տնօրէնութիւն¬ները ամէն ինչ կ՛ը¬նեն այս երեւոյթին առաջքը առնելու համար, կասեցնելու համար, սակայն անկեղծ ըլլալու հա¬մար ըսեմ, որ անիկա որպէս այդպիսին խիստ մտահոգիչ է։ Երկրորդ դժուարութիւնը, կամ մտահոգութիւնը ընդհանրապէս օտար վարժարաններ հայ աշակերտներու հոսքն է, որ մեր կարծիքով, գերակայական բարդոյթ մըն է, կամ կը յանդգնինք ըսելու՝ ազգային դաստիարա¬կութ¬եան կարեւորութեան գիտակցութեան պակասի հետեւանք է, որովհետեւ լիբանանահայ դպրոցը, թող վկայեն իմ գործընկերներս, ոչինչով պակաս է այն դպրոցներէն, որոնք աւելի բարձրամակարդակ սեպելով իրենց զաւակները հոն կ՛ուղղեն որոշ ազգայիններ։ Մեր դպրոցներուն բարձրամակարդակ իրականութիւնը մենք բազմիցս փաստած ենք, յատկապէս լիբանանեան պետական քննութեանց արդիւնքները կրնան այդ մէկը վկայել։ Մեր վարժարաններու շրջանաւարտները ոչ միայն պետական քննութեանց հպարտութիւն ներշնչող բացառիկ բարձր արդիւնքներ կ՛արձանագրեն, այլեւ կը փայլին բոլոր այն համալսարաններու մէջ, ուր կ՛ուղղուին շարունակելու իրենց բարձրագոյն ուսումնառութիւնը։
Վերջացնելով խօսքս, Պարոն Նախարար, եւ օգտուելով ձեր ներկայութենէն, որ մեզի խթան կը հանդիսանայ մեր կրթական առաքելութեան մէջ, քաջ գիտակցելով եւ առարկայական մօտեցում ցուցաբերելով, իրապաշտ ըլլալով ըսեմ, որ բոլորը գիտեն, թէ Լիբանանը, հանդիսանալով Սփիւռքի մայրաքաղաք, տարիներէ ի վեր ինք եղած է նաեւ համայն սփիւռքի մարդուժ ապահովողը։ Իսկ այդ մէկը միանշանակ կը սկսի ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԷՆ։ Մենք պիտի մնանք հաւատարիմ մեր պապերէն մեզի փոխանցուած մեր սուրբ առաքելութեան։ Չբաւարարուելով մեր այսօրուան ունեցածով, մենք աւելի պիտի զարգացնենք այդ ամէնը։
Պարոն Նախարար,
Մեր փափաքն է, որ մեր յարաբերութիւնները հայրենիքի՝ ձեր հետ աւելի կանոնաւորուին, օրինաւորուին, որուն համար, դարձեալ մեր կարծիքով, լաւ կ՛ըլլար, որ Ձեր նախարարութեան մէջ ստեղծուէր նաեւ յատուկ յանձնախումբ մը, որ մնայուն կապի մէջ կը մնար մեզ հետ, ծրագրուած աշխատանքով օգտակար դառնալով մեզի։ Մենք ալ մեր ներդրումը, ինչու չէ, սիրով կը բերենք մեր հայրենիքին, անոր բարգաւաճման գործընթացին մէջ։ Մեր փափաքն է, որ մեր շրջանաւարտներէն կարեւոր բաժին մը իր բարձրագոյն ուսումնառութիւնը առանց վարանելու շարունակէ հայրենի բարձրագոյն կրթական հաստատութիւններէն ներս։ Իսկ այս մէկը կրնանք իրականացնել ծրագրուած եւ միասնական աշխատանքով միայն՝ մենք եւ դուք ձեռք-ձեռքի տուած։
Մեծարգոյ նախարար, Դարձեալ բարի եկած էք Լիբանան։
Շնորհակալութիւն, որ այս ելոյթիս համար առիթ ընծայեցիք ինծի։
Յաջողութիւն կը մաղթեմ Ձեզ։ Շնորհակալութիւն»։








All the contents on this site are copyrighted ©.