2011-12-04 11:45:03

Յիսնակաց Շրջանը Թող Ըլլայ Լռութեան Շրջան Մը Ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը։


Անցեալ 2 դեկտեմբերին յետ միջօրէին, հետեւելով Պավարիայի հեռուստատեսիլի կայանի ներկայացուցած՝ Յիսնակաց շրջանի մասին յատուկ յայտագրիրին, Նորին Սրբութիւնը նշեց որ Պավարիայի մէջ յիսնակաց շրջանը կոչուած է նաեւ <<լռութեան շրջան>>։ Սակայն, այսօրուայ իրողութեամբ՝ Ըսաւ Սրբազան Հայրը, Յիսնակաց շրջանը լռութիւն չի ճանչնար` այլ բոլորս անսանձ աշխատանքի ետեւէն ենք` ապրանք կը գնենք կը ծախենք, ու Սուրբ Ծնունդի ճաշկերոյթի պատրաստութիւններու ետեւէն ենք։ Բարեբախտաբար, նկատել տուաւ Նորին Սրբութիւնը, ժողովրդական հաւատքի սովորութիւնները չեն անհետացած այլ վերանորոգուած են ու խորացուած։ Այսպէսով կը ստեղծուին հաւատքի եւ լռութեան կղզիներ նուիրուած Տիրոջ։
Մեր յոյսն է որ այս հաւատքի զօրութիւնը՝ տեսլականը ապագային, նաեւ յայտնաբերուի եւ օգնէ որ յառաջ ընթանանք` դէպի Տէրը, այնպէս ինչպէս կը պատուիրէ Յիսնակաց շրջանը։
Պենետիկտոս ԺԶ. ապա առիթէն օգտուելով իր բարի տարեդարձի բարեմաղթութիւնները յայտնեց իր ամենամօտիկ գործակիցին՝ Կարտինալ Թարչիզիօ Պերթոնէին, որ 2 դեկտեմբերին բոլորեց իր ծննդեան 77րդ տարեդարձը։
Նշենք որ ծիրանաւորը 15 սեպտեմբեր 2006էն իր վեր, Վատիկանի Պետական Քարտուղարի պաշտօնը կը վարէ. հակառակ որ տարիքի բերումով եւ ըստ լատին եկեղեցւոյ կանոնագիրքին ան ներկայացուցած էր իր հրաժարականը, սակայն Նորին Սրբութիւնը 2009-ին, հրաւիրած էր զինք շարունակելու Պետական Քարտուղարի պաշտօնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.