2011-12-04 11:39:55

Հայազգի Նշանաւոր Դէմքերէն


Հայ մեծ բանաստեղծ, գրող ու հասարակական գործիչ Հրանդ Նազարեանց։
Հայազգի մեծ բանաստեղծ Հրանդ Նազարեանց ծնած է 1886-ին՝ Սկիւտարի մէջ .հայրը Տիրան Նազարեանց եղած է « խանդոտ հայրենասէր, հռետոր, անդամ Ազգային ժողովին եւ երեսփոխան Գում-Գափուի Հայոց»: Մեծ Հայրը՝ Թորոս Նազարեանց, ըստ նոյն վկայություններուն, նոյնպէս «հմուտ գրաբարագէտ, հայ դասական լեզուի ջատագով էր. ան հիմնադրած էր օրիորդաց առաջին վարժարանը: Հրանդ իր ուսումը ստացած է Ռեթէոս Պերպերեանի վարժարանը։ 1900-ին ան կը մեկնի Փարիզ եւ ապա՝ Լոնտոն, իր կրթութիւնը շարունակելու նպատակով: Կրնանք ըսել որ ան լիովին կը տիրապետէր ֆրանսերէն եւ անգլերէն լեզուներուն: Նազարեանց Պոլսահայ նոր սերունդի գրականութեան առաջին դէմքն է, որ կը մեկնի Եւրոպա՝ հայրենիք վերադառնալու համար: Պոլիս վերադառնալով՝ Հրանդ կը նուիրուի գրական տենդագին աշխատանքի: Փարիզի եւ Լոնտոնի իր կեանքի տարիները մեծապէս սատարած են իր գրական գործերուն ան ունէր անառարկելի ձիրք, բարձր ճաշակ եւ գրական նախաձեռնութիւն։ Հրանդ Նազարեանցի շնորհիւ է որ երեւան կու գայ պատանի բանաստեղծուհի Հերանուշ Արշակեանի (ծն.1887-ին) գրական կարողութիւնը, Նազարեանց զինք կը քաջալերէ հրապարակելով անոր բանաստեղծութիւնները զանազան պարբերականներու մէջ։
Հերանոյշ թոքախտէ կը տառապէր, Հրանդ Նազարեանց նեցուկ կը կանգնի անոր դառնալով՝ անոր հոգեհարազատ մարդ-եղբայր ու բարեկամը, ստեղծելով իրեն համար հոգեկան բարենպաստ մթնոլորտ, եւ երբ 1905-ին Հերանուշ Արշակեանը կը վախճանի, ինք տէր կը կանգնի անոր յիշատակին ու գրական ժառանգութեան, կը հաւաքէ եւ կը կազմէ զանոնք , մանաւանդ՝ ան 1910-ին, իր իսկ ծախսերով եւ Մերուժան Պարսամեանի առաջաբանով, կը հրատարակէ վաղամեռիկ Հերանուշ Արշակեանի բանաստեղծութիւնները։
Նազարեանցի առաջին հրապարակուած գործը ՜՜Ջութակը՝՝ վերնագրով բանաստեղծութիւնն է, որ տպագրուած է ՜՜Բիւրակն՝՝ հանդէսին մէջ (Կ. Պոլիս) 1904-ի օգոստոս 8-ին: Նոյն տարին ան կը տպագրէ շարք մը գործեր նոյն ՜՜Բիւրակն՝՝ հանդէսին մէջ, նաեւ ՜՜Մասիս՝՝, ՜՜Արեւելեան մամուլ՝՝ եւ այլ ու այլ պարբերականներու ու հանդէսներու մէջ, եւ Թեոդիկի ՜՜Ամենուն տարեցոյց՝՝ին մէջ: Զուգահեռաբար մամուլի մէջ կը հրատարակէ չափածոյ եւ արձակ թարգմանութիւններ իտալացի, ֆրանսացի, ռուս եւ այլ ազգերու հեղինակներու գործերէն, իր ընտրութեամբ դրսեւորելով ուրոյն ճաշակ եւ մօտեցում:
Մամուլի էջերու վրայ Հրանդ Նազարեանցը եւ իր բանաստեղծութիւնները գնահատող դրուատական գրութիւնները այդ տարիներուն մեծ թիւ կը կազմէին: 1911-ին Ենովք Արմէն Հրանտ Նազարեանցին նուիրուած առանձին գիրք կը հրատարակէ՝ «Հայ նոր բանաստեղծներ. Հրանտ Նազարեանց» խորագրով, որ բանաստեղծի անձին ու գրականութեան պերճախօս ջատագովումն է ու փառաբանութիւնը: Այս գրքի մէջ, Ենովք Արմէն, Հրանտ Նազարյանցին ու անոր գրականութեան կու տայ բազում շոյիչ բնութագրումներ՝ զինք համարելով «հայ Միւսսէ մը», «մեծ յուզումներով թրթռացող Զգայնութիւն մը», «Զգայուն զանգակ մը», «Վակների պէս...» եւ այլն:
Սակայն եւ այնպէս՝ Նազարեանց ունէր նաեւ հակառակորդներ որոնք միանալով՝ Հրանտ Նազարեանցի դէմ, թիրախ կը դարձնեն Ենովք Արմէնի գիրքը, տեղացնելով՝ անարգող բնութագրումներ ու լուտանքներ Նազարեանցի հասցէին:
1908-ին Հրանտ Նազարեանց Պոլսոյ մէջ Տիգրան Զաւէնի հետ կը խմբագրէ ՜՜Սուրհանդակ՝՝ հանդէսը, 1909-ին՝ Կովկասի ճանապարհներով անցած Գարեգին Կոզիկեանի (Եսալեմ)ի հետ կը հիմնէ ՜՜Նոր հոսանք՝՝ պարբերականը: 1911-ի դեկտեմբերին եւ 1912-ի առաջին ամիսներուն Լիպարիտ Նազարյանի (Memeto Mori)ի հետ միասին, մասնակցութեամբ Ռուբէն Զարդարեանի եւ Լեւոն Շանթի, կը խմբագրէ ՜՜Ազատամարտ՝՝ շաբաթաթերթի ՜՜Բագին՝՝ անուան գրական յաւելուածը: Այդ տարիները նաեւ հանրային բուռն գործունէութեան տարիներ են. Հրանտ Նազարեանց կը դառնայ անդամ Ազգային հրատարակչական գրական յանձնաժողովի, Ազգային մեծ գրադարանի վարիչ մարմնի, Ազգանուէր մշակութային միութեան: Միեւնոյն ժամանակ կ՝աշխատակցի բազմաթիւ թերթերու ու պարբերականներու՝ Մասիս, Լոյս, Շանթ, Ազատամարտ, Բիւզանդիոն, Արեւելք, Հայրենիք, Մանզումէի էֆքեար (Կ. Պոլիս), Արեւելեան մամուլ, Հայ գրականութիւն (Զմիւռնիա), Գարուն (Մոսկուա) եւ այլ հանդէսներուն, ինչպէս նաեւ ֆրանսերէն եւ իտալերէն պարբերականներու ու թերթերու:
Հրանդ Նազարեանցին ՜՜Խաչուած երազներ՝՝ խորագրով ժողովածուն 1912-ին, մեծ յաջողութիւն կը գտնէ, անոր տիտղոսաթերթը նկարած եւ Վենետիկի մէջ գլիշէն պատրաստած էր Կոստան Զարեանը: Կոստան Զարեան ու Հրանդ Նազարեանց 1913-ին ֆրանսերէն լեզուով համատեղ գրական հրաւէր մը՝ ՜՜Հաւատոյ հանգանակ՝՝ հրապարակ կը հանեն ասպարէզ կարդալով գրական նոր, երիտասարդ, թարմ ուժերուն: Գեղեցիկ ձեւաւորուած մէկ էջի վրայ երկու երիտասարդ բանաստեղծները ՜՜Խելայեղ կամքեր՝՝ խորագրի ներքոյ կը պարզէին իրենց ձգտումն ու նպատակը. ՜՜Ձեր երկրների գրականության պատմության շողշողուն էջերին հավերժորեն դրոշմված են մնացել անվեհեր պայքարները, մենք էլ այժմ կամենում ենք մեր ուժեղ եւ խելահեղ կամքերով կերտել բուրգեր, որոնց քարերը կմնան իբրեւ վկաներ մեր ադամանդակուռ ցնորքների՝՝:
1913ի՝ 10 փետրուարին, Հրանդ Նազարեանց Ղալաթիոյ Ս. Լուսաւորիչ եկեղեցւոյն մէջ կ՝ամուսնանայ իտալացի պարուհի Մատլէն Գոսմիսի հետ, որ կ՝ապրէր Պոլիս։ Ըստ երեւոյթին, Մատլէն Գոսմիս ճանչցուած ու մեծ համարում ունեցած է Պոլսոյ հայ գրական-մշակութային երիտասարդ գործիչներու շրջանակին մէջ։ Արդարեւ Ռուբէն Սեւակ իր «Երէկ գիշեր» խորագրով բանաստեղծութիւնը «Հայրենիքի քնար» պատկերազարդ շաբաթաթերթի էջերու մէջ նուիրած է ՜՜Օր. Lena de Cosmisին՝՝ (Lena-ն Madlen անուան մտերմական կրճատումն է): Ամուսնութիւնը չի փրկեր Նազարեանցը հոգեկան ծանր, ճգնաժամային վիճակէն այսպէսով կը հեռանայ Պոլիսէն ու կը հաստատուի Իտալիոյ Պարի քաղաքը։ ՜՜Իտալիայի մեղմ կլիման կազդուրեց սպառած մարմինս. նոր մարդ եղայ՝՝ գրած էր ան։»:
Հրանդ Նազարեանցի գործերը թարգմանուած են եւրոպական լեզուներու, ինչպէս ինք հայերէնի վերածած էր Եւրոպացի գրողներու գործերը... 1920-ին Հրանդ Նազարեանց իտալացի գրող Ռոպէրթօ Սարվազիի հետ կը խմբագրէ «Fantasma» գրական ամսագիրը, որու էջերու մէջ կը հրատարակէ Ռուբէն Զարդարեանի, Ատոմ Եարճանեանի (Սիամանթօ), Դանիէլ Վարուժանի, Եղիա Տեմիրճիպաշեանի ու «ուրիշ շատ մը հին ու նոր հայ բանաստեղծներու եւ արձակագիրներու էջեր՝ կենսագրական ու գրախօսական նօթերով՝ ծանօթացնելու համար, այսպէս, հայ միտքը ու հոգին իտալացիներուն»: 1920-ին իտալերէն թարգմանութեամբ կը հրատարակուին Հրանդ Նազարեանցի երկու բանաստեղծական գիրքերը՝ «Վահագն» խորագրով բանաստեղծութիւններու եւ պոէմներու ծաւալուն եւ հինգ մասէ-հինգ հատուածէ բաղկացած «Հայելին»: Ի դէպ, երկու գիրքերու վրայ ալ իտալերենէն առաջ բանաստեղծը պահպանած է հայերէն խորագիրը: Անոնց կը յաջորդէ «Երեք պոէմ» եռամաս ծավալուն գիրքը, շատ շքեղ հրատարակութեամբ, գեղեցիկ ձեւաւորումով , որ կը ներկայացնէ Նազարեանցի ծաւալուն երեք չափածոյ գործերը՝ «Ստուերներու արքայութիւնը», «Հոգի. Գեղեցկութեան արշալոյսը» եւ «Նազատիէ. Սաատիի ծաղիկը», որը իտալերէնի թարգմանած է Չեզարէ Ճարտինին։
Նազարեանցի յաջող գործերէն են. «Տիեզերական ողբերգութեան մեծ երգը» (Il Grande Canto della Tragedie Cosmica) որը իտալերէնի թարգմանած է Enrico Cardile-էն: Գալով անոր վերջին մեծածաւալ ստեղծագործութեան, «Խորհրդաւոր սիրոյ մեծ երգը» ընդհանուր խորագրով, կապուած է բանաստեղծի անձնական կեանքի հանգամանքներու հետ եւ մնացած է անաւարտ:
Ինչպէս ըսինք (Իտալիոյ մէջ Նազարեանց ստեղծագործական աշխատանքի հետ միասին ծաւալած է նաեւ հայանպաստ ու ազգասիրական գործունէութիւն: Իր ջանքերու եւ անձնական կապերու շնորհիւ՝ Ծերակուտական Լուիճի Լուձատտիի միջնորդութեամբ եւ Բիեմոնթէի իշխանուհիին հովանաւորութեամբ, Պարիի շրջակայքը ձիթենեաց դաշտերու մէջ տարագիր հայերուն փոքրիկ բնակավայր մը կը յատկացուի- նշանաւոր «Նոր Արաքս»ը, ուր տարագիր հայերը, իբրեւ ապրուստի ու գոյատեւման միջոց, պէտք է զբաղէին գորգագործութեամբ: Նազարյանցը վերակացու կը կարգուի այս գործին, սակայն այս ձեռնարկը, ի վերջոյ չի յաջողիր: Պարիի մէջ Նազարեանց իր կեցութիւնը կ՝ապահովէ դպրոցներու մէջ անգլերէն լեզու դասաւանդելով:1939-1945 թուականներուն ան Պարի քաղաքի ռատիոյի մէջ կ՝աշխատի որպէս խօսնակ ու թարգմանիչ։
Իտալիոյ մէջ Հրանդ Նազարեանց երկար ժամանակ եղած է գրական-մշակութային կեանքի կեդրոն, իր շուրջը հաւաքելով եւ համախմբելով իտալացի, ֆրանսացի, գերմանացի, շուէտացի, անգլիացի ու ամերիկացի գրողներու ու գրական գործիչներ։ 1950-ական թուականներուն կը վարէ երկու կարեւոր գրական հանդէսներու տնօրինութիւնը՝ «Graal» եւ «L,Eco del Parnaso»։ Կը խմբագրէ այդ ամսագրերը, որոնց աշխատակցած են տասնեակ ու տասնեակ ճանչցուած մտաւորականներ: Այս տարիներուն ան կ՝ ընտրուի Իտալիոյ Ակադեմիայի անդամ եւ կը նշանակուի բանաստեղծութեան մասնաճիւղի նախագահ: Իտալացի գրողներն ու բանաստեղծները զինք կը ներկայացնեն Շուէտական ակադեմիային իբրեւ Նոբելեան մրցանակի թեկնածու... Հրանդ Նազարեանցի մասին ժամանակին մեծ գովեստով խօսած է իտալական յայտնի «Treccani» հանրագիտարանը:
Հայազգի մեծ մտաւորականը իր մահկանացուն կը կնքէ Պարի քաղաքի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ, 1962-ի՝ Յունուար 25-ին։
Նշենք որ ի յիշատակ Իտալիոյ մէջ մեծ համբաւի տիրացած հայազգի բանաստեղծին՝ Հրանդ Նազարեանցին, Երկուշաբթի 5 Դեկտեմբերին Պարիի Գոնվերսասնը նահանգը կազմակերպած է դասախօսական երեկոյթ մը եւ լուսանկարչական ցուցահանդէս, որուն պիտի անդրադառնանք յառաջիկային։








All the contents on this site are copyrighted ©.