2011-12-03 08:39:54

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Խօսքը Ուղղուած Միջազգային Ուսանողներու Հովուութեան Գիտաժողովի Մասնակիցներուն։


Ընդունելով Միջազգային ուսանողներու հովուութեան գիտաժողովի 130 մասնակիցները Սրբազան Հայրը անոնց ուղղեց ճար մը որուն մէջ նախ երախտագիտութիւնը յայտնեց երիտասարդ սերունդի հանդէպ ցուցաբերուած յանձնառումին անոնց տալով շիտակ ուղղութիւնը աշխարհականացումի մարտահրաւէրները դիմագրաւելու համար։
Մշակոյթներու հանդիպումը հիմնական իրողութիւն մըն է մեր ժամանակաշրջանի եւ մարդկութեան ու եկեղեցւոյ ապագայի համար, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը` ակնարկելով գիտաժողովի գլխաւոր նիւթին։ Համալսարանական ծիլէն ներս մշկոյթներու հանդիպումին աջակցութիւն ու քաջալերանք պէտք է ունենալով որպէս հիմք համամարդկային եւ Քրիստոնէական սկզբունքները որպէսզի նոր սերունդը աճի երկխօսութեան մէջ խթանելով հարգանք եւ համագործակցութիւն ի նպաստ խաղաղութեան ու զարգացումին։ Կաթողիկէ համալսարաննրը ու դաստիարակչական կազմակերպութիւնները կանչուած են ըլլալու <<մարդաբանութեան ուսումնասիրութեան վայրեր>>։ Համալասարանական աշխարհը եկեղեցւոյ համար է նաեւ աւետարանացումի դաշտ։
Սիրելի երիտասարդ ուսանողներ, - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը եզրափակելով խօսքը - ձեզ կը քաջալերեմ որ օգտագործէք ուսանողական այս շրջանը որպէսզի աճիք գիտելիքներու ու Քրիստոսի սիրով ու ձեր այս փորձառութիւնը ըլլայ պաշար մը ձեր ապագայի ձգտումներուն համար։ Ձեցի կը մաղթեմ ամէն բարիք եւ կը վստահեցնեմ իմ աղօթքներս ու Յիսուսի Մօր Աստուածամօր կը յանձնեմ յանձնառումը ու բարի կամքը բոլոր անոնց որոնք կը հոգան գաղաթականներու կարիքներուն ու նա մանաւանդ միջազգային ուսանեղներունը։ Իմ առաքելական օրհնութիւնս կու տամ ձեցի։








All the contents on this site are copyrighted ©.