2011-12-03 11:51:13

Նախնական Տուեալներուն Համաձայն Եգիպտոսի Խորհրդարանական Ընտրութիւններու Առաջին Հանգրուանին Իսլամականները Յառաջատար։


Եգիպտական խորհրդարանական ընտրութեանց նախնական պաշտօնական արդիւնքները (երէկ երեկոյեան ժամը 10:30-ի՝ տուեալներով) ցոյց տուին, թէ Իսլամ եղբայրները ապահոված են քուէներուն 40 առ հարիւրը, իսկ սալաֆական Նուր կուսակցութիւնը` 20 առ հարիւրը: Մասնակցութեան համեմատութիւնը աննախադէպ 62 առ հարիւր է:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարք Թոնըր յայտնեց, որ «եգիպտական խորհրդարանական ընտրութիւններուն առաջին հանգրուանին ընթացքին քուէարկութիւնը մեծապէս քաջալերական է, եւ ամբողջ աշխարհը հիացաւ Եգիպտոսի մէջ քուէարկութեան խաղաղ ընթացքով»: Անդրադառնալով Իսլամ եղբայրներու եւ ամերիկեան վարչակազմին միջեւ երկխօսութեան կարելիութեան` Թոնըր յայտնեց, որ «մենք այդտեղի մեծաթիւ կուսակցութիւններուն հետ երկխօսութիւնը կը շարունակենք եւ մեր նպատակը ժողովրդավարական հոլովոյթին զօրավիգ կանգնիլն է»:
Եգիպտացի վերլուծաբաններ եւ քաղաքագէտներ յայտարարեցին, որ եգիպտացիներուն չափաւորական խառնուածքը զիրենք մղած է խորհրդարանական ընտրութեանց առաջին հանգրուանին իսլամական հոսանքի կուսակցութեանց քուէարկելու:
Քանաթ Սուէյզ համալսարանի մէջ քաղաքական գիտութեան դասախօս դոկտ. Ժամալ Զահրան «Խալիժ» օրաթերթին յայտնեց, որ եգիպտացիները ընդհանրապէս չափաւորականութեան հակամէտ են եւ որեւէ կողմի կողմնակալութիւն չեն կատարեր ու ոեւէ մէկուն նկատմամբ ամբողջական վստահութիւն չեն ունենար, ուստի ընտրութեան երկրորդ եւ երրորդ հանգրուանի քուէարկութեան պատկերը կրնայ ուրիշ ըլլալ առաջին հանգրուանէն, ուր յստակ է, թէ իսլամական հոսանքը եգիպտական քաղաքական ուրիշ հոսանքներէն աւելի յառաջատար դիրք գրաւած է:








All the contents on this site are copyrighted ©.