2011-12-02 12:25:07

Սուրբ Ծննդեան Ծառը Հասաւ Սուրբ Պետրոսի Հրապարակ։


Ամէն տարի Սուրբ Ծննդեան եւ Ամանօրի տօներուն առթիւ Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ կը բարձրանայ Սուրբ Ծննդեան ծառը։
60 տարեկան` 30 մեթրնոց բարձր` եւ 5 թոն ծանրութեամբ այս տարուայ ծառը նուէրն է Ուգրանիոյ հանրապետութեան։
Յառաջիկայ 5 դեկտեմբերին ծառը պիտի բարձրացուի Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ ու անոր զարդարանքներու զետեղումը վերջ պիտի գտնեն 16 դեկտեմբերին երբ Վատիկանի կառավարիչ` գերապայածառ Ճուզեբբէ Պերթելլոն պիտի կատարէ հանդիսաւոր բացումը ի ներկայութեան Ուգրանիոյ կաթողիկէ եւ օրթոտոքս եպիսկոպոսներուն։ Այս տարուայ ծննդեան ծառի բացման արարողութիւնը ուստի կ՛ունենայ Էքումէնիք հանգամանք։ Նշենք որ տօներուն աւարտին ծառը կը նուիրուի բարեգործական ընկերակցութեան մը։
Այս առթիւ` յառաջիկայ 5 դեկտեմբերին` Ուգրանիոյ Նախագահ Վիգտոր Լանուգովիչը պիտի ժամանէ Վատիկան պաշտօնական հանդիպում ունենալու Պենետիկտոս ԺԶ հետ եւ հաւանականօրէն Սրբազան Հայրը հրաւիրելու Ուգրանիայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.