2011-12-02 07:13:54

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանյապետի Դեկտեմբեր Ամսուայ Ընթացքին Գլխաւորած Արարողութիւնները։


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Հայրը պիտի գլխաւորէ հետեւեալ արարողութիւնները։ հինգշաբթի 8 դեկտեմբերի յետ միջօրէին` Անարատ Յղութեան Տօնին օրը, ինչպէս ամէն տարի, Պենետիկտոս ԺԶ պիտի այցելէ Հռոմի Piazza di Spagna ուր ջերմեռանդութեան աղօթք պիտի մատուցէ հոն զետեղուած Տիրամօր արձանին առջեւ։
Կիրակի 11 դեկտեմբրի ժամը 11ին Սրբազան Հայրը հովուական այցելութիւն կը կատարէ Հռոմի “Santa Maria delle Grazie” ժողովրդապետութեան ուր առաւօտեան ժամը 9.30 նախատեսուած է նաեւ Սուրբ պատարագի արարողութիւն։

Երկուշաբթի 12 դեկտեմբերի յետ միջօրէին, Կուատալուբի Տիրամօր Տօնին առթիւ, Վատիկանի Սուրբ Պետրոս Տաճարին մէջ Պենետիկտոս ԺԶ պիտի գլխաւորէ Լատին Ամերիկայի դիտաւորութեան Սուրբ Պատարագը։
Հիինգշաբթի 15 դեկտեմբերին Վատիկանի Սուրբ Պետրոս Տաճարին մէջ Սրբազան Քահանայապետը կը գլխաւորէ Ժամասացութեան արարողութիւնը որուն կը մասնակցին Հռոմի Համալսարանական կազմը ու աշակերտութիւնը։
Շաբաթ 24 դեկտեմբերին ճրագալոյց Սուրբ Ծննդեան ։ Երեկոյեան ժամը 10ին Պենետիկտոս ԺԶ վատիկանի Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ կը մատուցէ սուրբ պատարգ որուն աւարտին Յիսուս մանուկի արձանը կը զետեղուի Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ պատրաստուած մսուրին մէջ։ Իսկ 25 դեկտեմբերի առաւօտեան սուրբ ծննդեան տօնին առթիւ Պենետիկտոս ԺԶ Սուրբ Պետրոսի պատշքամէն կու տայ իր “Urbi et Orbi” - հռոմի եւ համայն աշխարհի- օրհնութիւնը։
Շաբաթ դեկտեմբեր 31ի երեկոեան ժամը 17ին Սրբազան Հայրը Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ կը գլխաւորէ ժամասացութեան արարողութիւնը եւ << Te Deum>> գոհաբանական աղօթքը ։








All the contents on this site are copyrighted ©.