2011-12-02 12:05:19

Յայտնի Թուրք Հրատարակիչ Ռակըփ Զարաքօլուն Անյապաղ Ազատ Արձակելու Կոչին կը Միանայ Նաեւ Հայաստանի Գրողներու Միութիւնը։


Հայաստանի գրողներու միութիւնը միացած է Հայ Դատի պաշտպան, թուրք անուանի հրատարակիչ Ռակըփ Զարաքօլուն անյապաղ ազատ արձակելու միջազգային հանրութեան պահանջին:
«Մենք՝ հայ գրողներս, դատապարտելով Զարաքօլուի անհիմն ու միտումնաւոր բանտարկութիւնը՝ մեր ձայնն ենք միացնում նրան անյապաղ ազատ արձակելու միջազգային հանրութեան պահանջին»,- նշուած է Գրողներու միութեան տարածած յայտարարութեան մէջ:
Նշենք, որ 1977էն ի վեր Զարաքօլու Պոլսոյ մէջ հիմնադրած է իր «Բելգէ» հրատարակչատունը, ուր տպագրած է հազարաւոր գիրքեր, որոնց մէջ կը ներկայացուի ճշմարտութիւնը՝ Թուրքիոյ մէջ բնակող ազգային փոքրամասնութիւններու նկատմամբ ճնշումներուն, մանաւանդ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, որուն պատճառով ալ բազմիցս ենթարկուած է հալածանքներու:








All the contents on this site are copyrighted ©.