2011-12-02 12:57:39

Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Կոչը Ուղղուած Քրոստոնեայ Համայնքներուն։


Արամ Ա. Կաթողիկոսի ատենապետութեամբ Կիպրոսի մէջ տեղի ունեցած Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի համաժողովին վերջին նիստին ընթացքին, լայն քննարկումէ յետոյ հրապարակուեցաւ կոչ մը՝ ուղղուած քրիստոնեայ համայնքներուն:
Յիշեալ կոչին մէջ ընդհանուր գիծերով ներկայացնելէ յետոյ համաժողովին աշխատանքներուն արդիւնքը, Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու բարձրաստիճան ներկայացուցիչները հաւաքական կոչ մը ուղղեցին Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն՝ կառչած մնալու իրենց պարտաւորութիւններուն ու իրաւունքներուն: Քրիստոնեաները եկուոր չեն շրջանէն ներս. անոնք կը պատկանին Միջին Արեւելքի պատմութեան ու մշակոյթին. անոնք մասնակից դարձած են շրջանէն ներս պատմական իրագործումներուն. որպէս համահաւասար քաղաքացիներ, անոնք իրենց պատաւորութիւններուն կողքին պէտք է տէր կանգնին իրենց իրաւունքներուն:
Նոյն կոչին մէջ նաեւ կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութիւնը, որ հիմնուած է հասարակաց արժէքներու ու պատաւորութիւններու վրայ: Համաժողովին կոչը նաեւ կը դատապարտէ ամէն տեսակի բռնութիւն ոեւէ մէկու կողմէ ու կը թելադրէ փոխադարձ հասկացողութեամբ հարցերը լուծելու հրամայականը, շեշտելով արդարութեան, խաղաղութեան ու միասնականութեան կարեւորութիւնը ընկերութեան կեանքին մէջ:
Համաժողովը լայնօրէն քննարկեց Խորհուրդի վերակառուցման ծրագիրը գործելու ըստ եկեղեցիները շրջապատող ներկայ պայմաններուն ու մարտահրաւէրներուն:
Սոյն Համաժողովին, ներկայ էին նաեւ Վատիկանի ու Եւրոպական Եկեղեցիներու Խորհուրդին, Միացեալ Նահանգներու Եկեղեցական Խորուրդին, Անկլիքան եկեղեցւոյ, Տիեզերական Պատրիարքութեան ու Կիպրոսի պետութեան ներկայացուցիչները։
Համաժողովը նաեւ ընտրեց նոր Գործադիր Վարչութիւն մը, բաղկացած 24 անձերէ, որ իր առաջին ժողովը տեղի պիտի գումարէ Աթիլիասի Մայավանքին մէջ, 2012-ի՝ մարտ 28-30ը։








All the contents on this site are copyrighted ©.