2011-12-02 12:55:35

Մայր Տաճար Կը Բերուին Ս. Թադէոս Եւ Բարդուղիմէոս Առաքեալներու Մասունքները։


Այս տարի դեկտեմբերի 3-ին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին պիտի տօնախմբէ հայոց առաջին լուսաւորիչներու՝ սուրբ Թադէոս եւ սուրբ Բարդուղիմէոս առաքեալներու յիշատակը։ Տօնի առիթով, դեկտեմբերի 2-ին, երեկոյեան ժամերգութեանը եւ նախատօնակին, Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճար պիտի կը բերուին եւ մինչեւ յաջորդ օրուայ երեկոյեան ժամերգութիւն կը մնան Մայր Աթոռի Գանձատանը պահուող սուրբ Թադէոս եւ Բարդուղիմէոս առաքեալներու մասունքները։
Դեկտեմբերի 3-ին, Մայր Տաճարին մէջ մատուցուող՝ Սուրբ Պատարագին ընթացքին, հոգեւորականաց դասն ու հաւատացեալ ժողովուրդը հնարաւորութիւն կ'ունենան յարգանք մատուցելու սրբազան մասունքներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.