2011-12-02 12:48:53

ԷՋ ՄԸ ՀԱՅ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵՆԷՆ


Այսօր հայազգի երգիչ, երգահան, բանաստեղծ Մարք Արիանի մասին։
ֆրանսահայ երգիչ, երաժշտահան եւ բանաստեղծ Մարք Արիան՝ բուն անունով Հանրի Մարգարեան ծնած էր 14 Նոյեմբեր 1926-ին Վալանսի մէջ (ֆրանսա) ։ Հայազգի արուեստագէտին ծնողները Լիբանանէն գաղթած հայեր էին։
Իր հօրը մահէն ետք 18-ամեայ Հանրի Մարգարեան կ՝որոշէ արուեստի աշխարհ մտնել, կը սորվի նուագն ու սոլֆէժը ինքնաշխատութեամբ զարգացնելով իր արուեստը, ապա կը գրէ իր առաջին երգերը, կ՝անցնի Փարիզ իր գործերը հրապարակելու համար սակայն չի յաջողիր, կը վճռէ ստեղծել իր սեփական սկաւառակի պիտակը եւ Սթիւտիօ-ն ուր կ՝արձանագրէ իր երգերը որոնք լոյս կը տեսնեն ու մեծ յաջողութիւն կը գտնեն նոյնիսկ ֆրանսայէն դուրս։ 1963-ին կը հաստատուի Պելկիա նախ Ուաթէլօ ապա Օհայն քաղաքը։ Հայազգի տաղանդաւոր երգիչ Մարգ Արեան համերգներով հանդէս եկած է Եւրոպայի զանազան քաղաքներու բեմերու վրայ ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ։ Իր բազմաթիւ գործերէն յիշենք Katy, Angelina, Difficile à vivre, L'amour est une prison, Istamboul,Un petit slow, եւ Erevan երգերը, այս վերջինը Մարգ Արիան կ՝երգէ հայերէնով։
Նշենք որ Մարգ Արիանի - "Katy" անուան սթիւտիոյին մէջ է որ ամերիկացի մեծ երգիչ Մարվին Կէյ իր վերջին սկաւառակը արձանագրած է։ Իսկ մեծ ֆիլմարտադրող՝ Vincent Patar հայազգի երգիչ՝ Մարգ Արիանի Tu es numéro 1 au hit-parade de mon cœur. երգին վրայ պատրաստած է տեսաերիզ մը։
ֆրանսահայ արուեստագէտը Մարգ Արիան վախճանած է 1985-ի 30 Նոյեմբերին՝ Օհայնի մէջ- Պելկիա։








All the contents on this site are copyrighted ©.