2011-12-01 14:46:33

Արամ Ա. Վերընտրուեցաւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Նախագահ։


Կիպրոսի մէջ գումարուող Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին համաժողովին առաջին օրը Արամ Ա. կաթողիկոս երկրորդ շրջանի մը համար վերընտրուեցաւ նոյն խորհուրդի նախագահ` Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու ընտանիքը ներկայացնող:
Չորս տարին անգամ մը գումարուող Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի համաժողովին կը մասնակցի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը պատուիրակութեամբ մը, որուն մաս կը կազմեն Կիպրոսի կաթողիկոսական ընդհանուր փոխանորդ Վարուժան արք. Հերկելեան, Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, Նարեկ վարժարանի խնամակալութեան ատենապետ Վարդան Թաշճեան եւ գաւազանակիր Մեսրոպ վրդ. Սարգիսեան:
Համաժողովին բացումը կատարուեցաւ երեքշաբթի առաւօտ, յոյն եկեղեցիներու կողմէ կատարուած պատարագով: Ապա, համաժողովի առաջին նիստին, վեհափառը խօսք առնելով ներկայացուց անցնող չորս տարիներուն խորհուրդին դիմագրաւած դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները, յատկապէս ծանրանալով տնտեսական եւ վարչակազմակերպչական մարզերուն վրայ: Վեհափառը լայնօրէն անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող քաղաքական վերիվայրումներուն եւ անոնց ժխտական անդրադարձներուն` խորհուրդի կեանքին ու առաքելութեան վրայ: Վեհափառը շեշտեց, թէ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, խորհուրդը շարունակեց իր առաքելութիւնը, եւ առաւել կենսունակութեամբ ան կոչուած է դառնալու Միջին Արեւելքի եկեղեցիներուն ձայնն ու միակամ կեցուածքը:
Ապա, խօսք առին արեւելեան ուղղափառ, կաթողիկէ ու բողոքական եկեղեցիներու ներկայացուցիչները եւ ընդգծեցին խորհուրդի կարեւորութիւնը` իբրեւ շրջանի եկեղեցիները համախմբող կառոյց: Նոյն օրը համաժողովին իր զեկուցումը ներկայացուց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Կրկես Սալեհ: Լայնօրէն ներկայացուեցաւ նաեւ խորհուրդի տնտեսական կացութիւնը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ քննարկում:
Երեկոյեան տեղի ունեցաւ նոր Գործադիր վարչութեան ընտրութիւնը, որուն ընթացքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ անդամ ընտրուեցաւ կաթողիկոսարանի Միջեկեղեցական յանձնախումբի անդամ եւ դպրեվանքին մէջ արաբերէն լեզուի դասախօս դոկտ. Ժան Սալմանեան: Յայտնենք, որ համաժողովի ընտրական յանձնախումբի անդամ ընտրուեցաւ Սեպուհ արք. Սարգիսեան, իսկ ստուգիչ մարմնի անդամ` Վարդան Թաշճեան: Համաժողովը կը շարունակէ իր աշխատանքները:








All the contents on this site are copyrighted ©.