2011-12-01 14:50:55

«Ուոտրօ Ուիլսընի Գործունէութիւնը եւ Հայաստանը» Խորագրով Գիտաժողով Հայաստանի Մէջ։


Դեկտեմբեր 1ին, ժամը 14:00ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը եւ «Բարեպաշտ սերունդ» հիմնադրամը Ուոտրօ Ուիլսընին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրէն ներս կը կազմակերպեն գիտաժողով «Ուոտրօ Ուիլսընի Գործունէութիւնը եւ Հայաստանը» թեմայով, «Բարեպաշտ սերունդ» հիմնադրամի դահլիճէն ներս
Ծրագրի ծիրէն ներս տեղի պիտի ունենան բաց դասեր, դասախօսութիւններ, ստեղծուած է /http://wilsonarmenia.wordpress.com/ պլոկ, կատարուած է թեմային նուիրուած հայ եւ օտար հեղինակներու, պատմաբաններու, իրաւագէտներու, միջազգայնագէտներու ուսումնասիրութիւններու հաւաքագրում: Գիտաժողովէն բացի՝ մինչեւ տարեվերջ կը նախատեսուի իրականացնել տեսահամաժողով, բանավէճ` «Ուոտրօ Ուիլսընի իրաւարար վճիռի այժմէականութիւնը» թեմայով:








All the contents on this site are copyrighted ©.