2011-12-01 14:46:15

1 Դեկտեմբեր ՝՝ԷՅՏՍ՝՝ կամ ՝՝ՍԻՏԱ՝՝ Սկզբնատառերով Ճանչցուած Հիւանդութեան Դէմ Պայքարի Համաշխարհային Օր։


30 տարի առաջ իր գոյութեան մասին ազդարարուած ՁԻԱՀ-ը (AIDS-SIDA) հիւանդութիւնը այսօր դարձած է մարդկութեան զարգացման խոչընդոտող հազարամեակի մարտահրաւէր, իսկ սոյն հիւանդութենէն վարակումը ստացած է համաճարակի բնոյթ, որմէ չէ խուսափած աշխարհի եւ ոչ մէկ պետութիւնը: ՄԻԱՎ/ՁԻԱՀ-ի խնդիրը(AIDS-HIV) արդիական է նաեւ Հայաստանի հանրապետութեան համար: ( HIV-ը՝ անոնք որոնք այս ժահրին դրական հակազդեցութիւն ունին)։
Ինչպէս կը նշէ Հայաստանի Առողջապահութեան Նախարարութեան պաշտօնական կայքը` 1988-2011 Դեկտեմբեր 1 ՀՀ քաղաքացիներու մէջ եղած է ՄԻԱՎ վարակի 1136 պարագաներ եւ ՄԻԱՎ/ՁԻԱՀ-ով հիւանդներու մահուան 260 դէպքեր : ՄԻԱՎ/ՁԻԱՀ-ի իրավիճակի գնահատումը կը վկայէ, որ Հայաստանի հանրապետութեան մէջ ՄԻԱՎ-ով ապրող մարդոց հաշուարկային թիւը կը կազմէ 2500:
2005-էն ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան ՁԻԱՀ-ի կանխարգելման հանրապետական կեդրոնին մէջ (ՁԻԱՀ ԿՀԿ) ՄԻԱՎ/ՁԻԱՀ-ով հիւանդներուն անվճար կը տրամադրուի հակա-ռետրովարակային բուժում, որ հասանելի է ՄԻԱՎ/ՁԻԱՀ-ով բոլոր հիւանդներուն, որոնք ունին բուժման ցուցմունք եւ տուած են իրենց համաձայնութիւնը: 2011 Դեկտեմբեր 1ի դրութեամբ այդպիսի բուժում կը ստանանՄԻԱՎ/ՁԻԱՀ-ով 322 հիւանդներ , ներառեալ 11 երեխաներ :








All the contents on this site are copyrighted ©.