2011-11-30 13:16:48

ԷՋ ՄԸ ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵՆԷՆ։
ԼԵՒՈՆ ՇԱՆԹ (1869-1951).


Նոյեմբեր 29ին,վաթսուն տարի առաջ, մեր աշխարհէն մարմնապէս կը հեռանար հայ ժողովուրդին ներաշխարհը վերծանող մեծագոյն հայ մտաւորականներէն Լեւոն Շանթ։
Յատկապէս թատերական իր գործերով՝ մանաւա՛նդ կոթողական իր «Հին Աստուածներ»ով անմահացած գրողն է Լեւոն Շանթ։ Բայց ճշմարտութեան դէմ մեղանչել պիտի ըլլար միայն որպէս մեծատաղանդ թատերագիր յիշել այնքա՜ն բազմաշնորհ ու բազմավաստակ դէմքը Լեւոն Շանթի, որ հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր ժառանգութեան մէջ յաւիտենական իր բարձունքը նուաճեց իբրեւ թէ՛ տաղանդաշատ գրագէտ, թէ՛ ներհուն մտաւորական, թէ՛ անձնուէր հասարակական գործիչ եւ թէ՛սերնդակերտ մանկավարժ։
Պոլիս ծնած 1869-ին, Սկիւտարի վարժարանին մէջ իր նախնական կրթութիւնը ստացած, մանուկ տարիքին որբացած եւ Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանի մուտքի քննութեան յաջողած Սեղբոսեան Լեւոնը, ամբողջական հայու իր ինքնազարգացման առաջին ոստումը կատարեց տակաւին ուսանող տարիքին, երբ արեւմտահայու իր ծագումն ու արեւելահայու կազմաւորումը մէկ ու միակ շաղախի վերածեց եւ մինչեւ մահ տէր կանգնեցաւ արեան կանչէ բխող այդ նուաճումին։
Խառնուածքով խոհուն եւ յուզաշխարհով բանաստեղծ Լեւոն Շանթի անբեկանելի անհատականութեան ինքնակատարելագործման օրրանը եղաւ Գերմանիան, ուր 1892էն մինչեւ 1897 ապրեցաւ եւ Լայփցիկի ու Միւնիխի համալսարաններուն մէջ բարձրագոյն ուսման հետեւեցաւ մանկավարժութեան, հոգեբանութեան եւ բնական գիտութեանց մէջ։ Գերմանական եւ ընդհանրապէս հիւսիսիկ (nordic) հոգեկերտուածքը ամբողջապէս համապատասխան էր արդէն քսաներեք տարեկան ու Հայու իր կազմաւորումը լիարժէք հունաւորած Շանթի ներաշխարհին՝ հոգիին ու մտքին։ Գերմանական մշակոյթը եւ յատկապէս Նիցչէի, Կէօթէի եւ Վակների արուեստն ու փիլիսոփայութիւնը մեծապէս օգնեցին Շանթի, որպէսզի մշակէ եւ խորացնէ մտաւորականի իր ներքին կարգապահութիւնը, յղկէ եւ կատարելագործէ իր գեղարուեստական ու իմաստասիրական զէնքերը ....

Լեւոն Շանթ մանկավարժական գործունէութիւն ծաւալեց Պոլսոյ մէջ, միաժամանակ՝ իր բանաստեղծութիւններով ու արձակ վիպակներով դրսեւորեց ընկերային յանձնառու գրողի իր նկարագիրը։ Պոլիսը իր հայ իրականութեամբ՝ իր քաղքենիութեամբ եւ եսապաշտութեամբ, հեշտամոլութեամբ եւ ազգային անտարբերութեամբ, ձաղկումի թիրախը դարձան հազիւ երիտասարդ Շանթին։
Իսկ Գերմանիայէն վերադարձին Թիֆլիս հաստատուելով ու մանկավարժական եւ գրական բեղուն գործունէութիւն ծաւալելով, Շանթ աւելիով խորացուց հայկական ինքնութիւնը եսապաշտութեան՝ քաղքենիութեան եւ նիւթապաշտութեան արատներէն մաքրաջրելու իր պայքարը։
Հայաստանի անկախութեան կործանումէն ետք, Լեւոն Շանթ իր կարգին վերցուց տարագրութեան ցուպը եւ շրջեցաւ գաղթաշխարհով մէկ։ Նախ գործեց Եգիպտոսի մէջ, Աղբալեանի հետ հիմը դրաւ Համազգային Մշակութային Միութեան։ Ապա՝ երկուքով հաստատուեցան Պէյրութ (Լիբանան), ուր հիմնեցին Հայ Ճեմարանը ու իբրեւ տեսուչ եւ ուսուցիչ միասնաբար լծուեցան նոր սերունդներու հայեցի կազմաւորման եւ մտաւորական թրծումին՝ նուաճելով Ճեմարանական Աւանդը, որ մինչեւ մեր օրերը կը շարունակէ իբրեւ ներշնչման աղբիւր ծառայել սփիւռքահայ հոգեմտաւոր զարգացման ոգորումներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.